Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընտրուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Կրթութեան միջազգային գրասենեակի խորհուրդի ղեկավար կոմիտէի նախագահ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան որոշումը նախընթաց օր առնուեցաւ Ժընեւի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Կրթութեան միջազգային գրասենակի խորհուրդի ժողովը։ Հայկական կողմը այս պաշտօնը պիտի վարէ 2020-2021 թուականներուն։
Հարկ է նշել, որ Կրթութեան միջազգային գրասենեակը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաջին աստիճանի կառոյցներէն մին է, որ այդ կազմակերպութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն կը տրամադրէ կրթութեան ոլորտէ ներս մասնագիտական աջակցութիւն եւ փորձաքննութիւն։
Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2020