ԿԱՍԿԱԾՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երկրի խորհրդարանի ամպիոնէն անդրադարձաւ՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի մահուան զգայացունց դէպքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ Փաշինեան երաշխաւորեց, որ կառավարութիւնը պիտի օգտուի իր բոլոր հնարաւոր լծակներէն, որպէսզի Կէորկի Կուտոյեանի մահուան հանգամանքները բացայայտուին մինչեւ ամենավերջին մանրամասնութիւնները։ «Շատ ցաւալի դէպք մըն է։ Քննչական կոմիտէն քրէական գործ յարուցած է ինքնասպանութեան յօդուածով։ Սա կը նշանակէ, որ այսօր քննուող հիմնական վարկածը ինքնասպանութիւնն է։ Ես կը կարծեմ, թէ դէպքի հանգամանքները ամբողջութեամբ պարզելու գործին մէջ պէտք է ամենաշատ շահագրգռուածութիւնը ցուցաբերեն պարոն Կուտոյեանի ընտանիքի անդամները ու լիարժէք համագործակցին նախաքննութեան մարմնին հետ, որպէսզի ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ բացայայտուի։ Կ՚երաշխաւորեմ, որ կառավարութիւնը պիտի օգտուի իր բոլոր հնարաւոր լծակներէն, որպէսզի այս մնացեալ բոլոր գործերը բացայայտուին մինչեւ ամենավերջին մանրամասնութիւնը», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Անցեալ շաբթուան մէջ՝ 17 յունուարին, Կէորկի Կուտոյեանի կինը բնակարանի հիւրասենեակին մէջ, բազմոցի վրայ յայտնաբերած էր իր ամուսնի դիակը, որու վրայ բռնութեան հետքեր չէին նկատուած։ Սա վերջին շրջանին նախկին իշխանութեան տարիներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մահուան երրորդ դէպքն է։ Այս իրավիճակին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեց, որ իրաւական հիմքեր չի տեսներ նախկին պաշտօնեաներու անվտանգութեան առանձնայատուկ ապահովման համար։
Միւս կողմէ, աղմկայարոյց այս դէպքը կը շարունակէ արձագանգներ ստեղծել բոլոր հարթութիւններու վրայ։ Այս իրավիճակին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան իրաւաբան Նորայր Նորիկեանի կողմէ յառաջ քշուած հարցադրումները։ Ան օրակարգի վրայ կը բերէ հետեւեալ հարցադրումը. եթէ Կուտոյեան բնակարանին մէջ ինքը կրակած է, ապա ինչո՞ւ ինք չէ հաւաքած պարկուճները եւ կնոջմէ խնդրած է ընել այդ բանը։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէին կողմէ հրապարակուած տուեալներու լոյսին տակ Նորայր Նորիկեան շարք մը յաւելեալ հարցադրումներ մատնանշած է։ Իր համոզմամբ, պէտք է պարզուին, թէ բնակարանի պատերուն վրայ առկայ կրակոցի հետքերը ի՞նչ վաղեմութիւն ունին, նո՞յն ա-տըրճանակէն կրակուած են եւ ի՞նչ նպատակով։ «Բաց աստի, քննութեամբ պէտք է պարզուի, թէ ողբերգական դէպքէն առաջ ան ի՞նչ հոգեվիճակի մէջ եղած է։ Արդեօք ան ընկճուա՞ծ էր։ Եթէ այդպէս էր, ապա ովքե՞ր զինքը հասցուցած էին այդ վիճակին։ Իսկ եթէ պարզուի, թէ դէպքը ինքնասպանութիւն մը չէ, ուրեմն մենք գործ ունինք աւելի մեծ սպառնալիքի մը հետ», յայտնած է փաստաբանը։
Կէորկի Կուտոյեանի մահէն միջոց մը առաջ Հայաստանի մէջ շրջանառութեան մէջ մտած էին զանազան լուրեր, ըստ որոնց նախկին իշխանութիւններու շրջանին ԱԱԾ-ի շարք մը կարեւոր փաստերը կամ թղթածրարները փոխանցուած են Ռուսաստանի յատուկ ծառայութիւններուն։