ՀԲԸՄ ՆՈՐ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ ՍԱՀՄԱՆԵՑ՝ ՕՔՍՖՈՐՏԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) նոր կրթաթոշակներ սահմանեց՝ Օքսֆորտի համալսարանէն ներս դասական հայագիտական հետազօտութիւնները խրախուսելու նպատակով։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնի աղբիւրներու հաղորդումներով, «AGBU London Trust» բարեգործական կազմակերպութիւնը Օքսֆորտի համալսարանէն ներս հայագիտութեան գծով մագիստրոսական աստիճան ձեռք բերել փափաքողներուն համար լրջագոյն նուէր մը կը մատուցէ։ Նոր կրթաթոշակի ծրագրի մեկնարկին մասին տեղեկացնելու ժամանակ շեշտուած է, որ ՀԲԸՄ հաւատարիմ կը մնայ հայկական կրթութեան տարածման ուղղեալ իր բուն յանձնառութեան։ Օքսֆորտի համալսարանէն ներս հայագիտութեան առարկան կը դասաւանդուի 19-րդ դարու կէսերէն ի վեր։ Ան Անգլիոյ յառաջատար համալսարանն է, ուր հայագիտութիւն կը դասաւանդուի։

Հինգ տարի շարունակ ամէն տարի թեկնածու ուսանողի մը աջակցիլ կը նախատեսուի այս նոր կրթաթոշակային ծրագրով։ Այս քայլը կարեւորագոյն դեր կ՚ունենայ հայկական մշակոյթն ու ժառանգութիւնը աւելի լաւ ծանօթացնելու ուղղեալ ջանքերը խթանելու առումով։ Առաջին կրթաթոշակը կը տրամադրուի այս տարուայ հոկտեմբերին, իսկ նախագիծը կը շարունակուի մինչեւ 2026 թուականը։

Դասական հայագիտութեան գծով մագիստրոսութեան աստիճանի թեկնածուները հայերէն բազմաբնոյթ նիւթերու ընթերցանութեան եւ թարգմանութեան փորձառութիւն ձեռք պիտի բերեն, ինչ որ անոնց թոյլ պիտի տայ խորութեամբ ընկալել իրենց ընտրած ժամանակաշրջանի գրական մշակոյթն ու պատմութիւնը։ Օքսֆորտէ ներս ուսանելու տարիներուն ուսանողները պիտի կարողանան օգտուիլ՝ Պոտելի գրադարանէն ներս ի պահ դրուած հայկական ձեռագրերու իւրայատուկ հաւաքածոյէն, որ կը ներառէ Իրանի մէջ տպագրուած չափազանց հազուագիւտ գիրք մը՝ Նոր Ջուղայի հայկական սաղմոսութեան գիրքը։

Այս դասընթացը պիտի վարէ փրոֆ. Թէօ Մաարթըն ֆան Լինտ, որ Օքսֆորտի համալսարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հայագիտութեան ամպիոնի դասախօսներէն է։ Ան համոզուած է, թէ գանձատրումը կարեւոր նշանակութիւն ունի դասական հայագիտութեան մագիստրոսական դասընթացը արժանաւոր թեկնածուներու համար հասանելի դարձնելու առումով։ Ուստի, ան ռազմավարական համարած է ՀԲԸՄ-ի այս նախաձեռնութիւնը։

«AGBU London Trust»ի կրթաթոշակի հիմնուիլը այս կազմակերպութեան եւ Օքսֆորտի համալսարանին միջեւ արդէն իսկ բեղուն համագործակցութեան նոր փուլ մը կը բնորոշէ։ Անոնց գործընկերութեան շրջանակներէն ներս վերջին եօթ տարիներուն աջակցութիւն ցուցաբերուած է այն հայ ուսանողներուն, որոնք այդ համալսարանէն ներս զանազան առարկաներ կ՚ուսումնասիրեն։ Նորահաստատ կրթաթոշակային ծրագիրը բաց պիտի ըլլայ աշխարհի բոլոր կողմերէն ուսանողներու համար։ Սա համահունչ է հայկական ժառանգութիւնը կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ասպարէզներէ ներս պահպանելու ուղղեալ ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան։

«AGBU London Trust» կազմակերպութեան նախագահն է Ժոզէֆ Ուղուրլուեան, որ միեւնոյն ժամանակ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-նախագահն է։ Ան այս առթիւ ըսաւ. «ՀԲԸՄ-ի համար, անշուշտ, պատիւ է Օքսֆորտի համալսարանի նման հեղինակաւոր համաշխարհային կազմակերպութեան մը հետ համագործակցիլը։ Համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէն տարիներ շարունակ վերելք ապրած է եւ անոր դասական հայագիտութեան մագիստրոսական ծրագրին աջակցիլը միանգամայն տրամաբանական քայլ մըն է ՀԲԸՄ-ի համար։ Մենք խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք փրոֆ. Թէօ Մաարթըն ֆան Լինտին եւ իր խումբին, որոնք այս համագործակցութիւնը հնարաւոր դարձուցած են»։

Շաբաթ, Յունուար 23, 2021