ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

«Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու նորաստեղծ հարթակը շաբաթավերջին իրականացուց իր առաջին հանդիպումը։ Այս անդրանիկ ժառանգութիւնը նախատեսուած էր «ՍԷՎ» հիմնարկի հաւաքատեղիի երդիքին տակ։ Թէ՛ արհեստավարժ եւ թէ սիրող լուսանկարիչներու համար նախատեսուած նախաձեռնութիւն մըն է «Պոլիս լուսատու»ն, որ կը հետապնդէ համատեղ ծրագրեր մշակելու նպատակը։ Առաջին ժողովին 20 լուսանկարիչ մասնակցեցաւ։ Կային նաեւ այլ լուսանկարիչներ, որոնք իրենց ժամանակացոյցի խտութեան հետեւանքով ակամայ բացակայած էին։ Անոնք ալ իրենց փոխանցած զօրակցութեան պատգամներով խրախուսեցին ժողովի մասնակիցները։

Առաջին հաւաքին ժամանակ «Պոլիս լուսատու»ի հիմնադիրները՝ Մկրտիչ Արծիւեան, Պերճ Արապեան, Տայք Տանձիկ եւ Սարգիս Կիւրեղ խորհրդածութիւններ ըրին ապագայի վերաբերեալ կանխատեսումներու շուրջ։ Այս շրջանակին մաս կը կազմեն ցուցահանդէսներու կամ աշխատանոցներու կազմակերպումներ, պարբերական հրապարակումներ, կրթական նախագիծեր, արխիւի ձեւաւորում, հաւաքածոյի մը ստեղծում եւ այլն։

Խորհրդակցութեան տեւողութեան բոլոր մասնակիցները արտայայտեցին իրենց մօտեցումները եւ ներկայացուցին բազմաբնոյթ առաջարկներ։ Այս բոլորի լոյսին տակ յայտնի դարձաւ, որ անոնք ընդհանրապէս իրարու հետ համախոհ են հիմնական առանցքներու շուրջ։

Առաջին ժամադրութեան ատեն լուսանկարիչները որոշեցին նաեւ թէ՛ ժողովներու եւ թէ հաղորդակցութեան միջոցներու միջոցաւ մշտապէս կապի մէջ ըլլալ իրարու հետ։

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2023