ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ ԴԷՊԻ 45-ՐԴ ՕՐԸ
Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ մնալ փակ եւ Լեռնային Ղարաբաղը՝ կտրուած Հայաստանէն եւ աշխարհէն։ Արցախի պաշարումը կ՚ընթանայ դէպի 45-րդ օրը։ Անխուսափելիօրէն մարդասիրական աղէտը կը խորանայ եւ կացութիւնը ամէն օր քիչ մը եւս տագնապալի համեմատութիւններու կը մօտենայ։ Շաբաթավերջին հաղորդուեցաւ, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հսկողութեամբ՝ Կարմիր խաչի կողմէ մարդասիրական որոշ բեռներ տեղափոխուած են դէպի Արցախ։ Այս առաւօտ ալ հաղորդուեցաւ, որ Կարմիր խաչի ուղեկցութեամբ Արցախէն չորս հիւանդ փոխադրուած է Հայաստան։ Ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 11 հիւանդ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի. չորսին վիճակը ծայրայեղ ծանր։ Յամենայնդէպս, դրական կամ յուսադրիչ լուրերը միշտ ստուերի տակ կը մնան, որովհետեւ նոյնպէս շաբաթավերջին հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճան խզած է դէպի Արցախ կազի մատակարարումը։ Պաքուի ղեկավարութիւնը միջազգային բոլոր հարթութիւններու վրայ կը պնդէ, որ միջանցքը բաց է։
Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Արցախը շրջափակումէ դուրս բերելու համար։ Այսօր, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կը ձեռնարկէ դէպի Պրիւքսել աշխատանքային այցելութեան մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յունուարի 25-ը։ Ան ելոյթ մը պիտի ունենայ Եւրոխորհրդարանի արտաքին հարցերով կոմիտէի ժողովին ժամանակ։ Կը նախատեսուի, որ նախարարը պարզէ Երեւանի ղեկավարութեան մօտեցումները՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներուն, Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին։
Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած են նաեւ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումները՝ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի եւ Պելժիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպի հետ։
Իր կարգին, Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Այս կապակցութեամբ ան ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ «Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակը լուրջ է ու պէտք է շտապ լուծումներ գտնել։ Ես անհամբեր կը սպասեմ քննարկումներուն՝ յառաջընթացի ուղիները գտնելու համար։ ԵՄ-ի նպատակը կը մնայ Հայաստան-Ատրպէյճան համապարփակ կարգաւորումը», նշած է Քլաար։