ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը։ 1933 թուականին Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնը «Ալմաստ» օփերայի բեմադրութեամբ սկսած էր իր ճանապարհորդութեան։ Այդ առաջին ձեռնարկի 90-րդ տարեդարձին առթիւ, շաբաթավերջին Երեւանի Օփերայի բեմին վրայ դարձեալ ներկայացուեցաւ «Ալմաստ» օփերան։ Այս վերջինը, ըստ երաժշտագէտներու եւ արուեստաբաններու գնահատման, հայկական օփերային արուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մին է։

Յոբելենական ձեռնարկի երեկոյեան «Ալմաստ» օփերան ներկայացուեցաւ՝ Յարութիւն Արզումանեանի մականին ներքեւ։ Դերերգը կատարեց Նարինէ Անանիկեան, որ առաջին անգամ 2009 թուականին մեկնաբանած էր այս գործը։ Գործի «Աշուղ»ի բաժինը առաջին անգամ երգեց Տիգրան Մելքոնեան, իսկ «Շէյխ»ի դերով հանդէս եկաւ Հայկ Թոնգուրեան։

Հարկ է նշել, որ յոբելենական այս ձեռնարկը արժանացաւ հանդիսատեսներու մեծ հետաքրքրութեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2023