ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐԸ ՆԺԱՐԻ ՎՐԱՅ
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թեհրան՝ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հրաւէրին ընդառաջ։ Ազէրի ղեկավարը բազմանդամ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ կը ժամանէ Թեհրան։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու անմիջական հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին նախատեսուած է Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ համագործակցութեան խթանման ուղղեալ տասն համաձայնագրերու ստորագրումը։
Ալիեւի Թեհրան այցելութեան ժամկէտը հետաքրքրական է զանազան առումներով։ Արդարեւ, Իրան տարածքաշրջանային հաւասարակշռութիւններով յառաջատար դերակատար մըն է եւ ազդու երկիրներու շարքին կը դասուի՝ Սուրիոյ ճգնաժամին շրջագծով։ Այս իսկ կէտին վրայ Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները ներկայ հանգրուանին ուշադրութեան արժանի կը համարուին։ Արդարեւ, Թուրքիա-Ռուսաստան առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Պաքու դէմ յանդիման մնացած է երկընտրանքներու առջեւ։ Ատրպէյճան կը փորձէ հաւասարակշռութիւն պահել Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Այդ երկընտրանքը անխուսափելիօրէն իր անդրադարձը կ՚ունենայ նաեւ Պաքուի եւ Թեհրանի յարաբերութիւններուն վրայ։ Արդարեւ, Թեհրան եւ Մոսկուա տարածքաշրջանային հաւասարակշռութիւններուն մէջ կը համարուին դաշնակիցներ։ Այդ առանցքին ամրութիւնը Պաքուի տեսանկիւնէն յաւելեալ դժուարութիւն մըն է՝ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաւասարակշռութիւն որոնելու ճանապարհին վրայ։ Մնաց, որ Անգարայի ղեկավարութիւնը վերջերս հետզհետէ աւելի բարձր թոնով անհանգստութիւն կ՚արտայայտէ Թեհրանի՝ Սուրիոյ հարցին վերաբերեալ դիրքորոշումներուն առընչութեամբ, իսկ Պաքու-Թեհրան յարաբերութիւններն ալ հարիւր տոկոսով հեզասահ չեն ընթանար միշտ։
Ուրեմն տարածքաշրջանային այսպիսի բարդ իրադրութեան մը մէջ տեղի կ՚ունենայ Իլհամ Ալիեւի Իրան այցելութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, այս ուղեւորութիւնը կը համընկնի Իրանի դէմ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցներու վերացման յաջորդած ժամանակաշրջանին։ Թեհրան միջազգային հանրութեան հետ համաձայնութեան հասած է իր միջուկային ծրագրին շուրջ։ Այդ համաձայնութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ անոր առջեւ՝ միջազգային գետնի վրայ համագործակցութիւնը աշխուժացնելու տեսանկիւնէն։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը ներկայիս կը ջանայ համագործակցութեան նոր ձեւաչափեր գտնել միջազգային բեմահարթակին վրայ ու միեւնոյն ժամանակ կապերը վերականգնել իր իսկ գտնուած տարածքաշրջանէն ներս, հարեւան երկիրներուն հետ։
Ալիեւի Թեհրան այցելութեան ընդառաջ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արազ Ազիմով յայտարարեց, թէ Պաքու կողմնակից է, որ Պեշար Էսատ առայժմ իշխանութեան գլուխ մնայ Սուրիոյ մէջ։ Աւստրիական Die Presse օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ազէրի բարձրաստիճան դիւանագէտը մատնանշեց, որ Պաքու կողմնակից է՝ որպէսզի մինչեւ Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման վերջնական տարբերակին մշակումը Պեշար Էսատ մնայ իշխանութեան ղեկին։ Ըստ իրեն, Սուրիոյ մէջ հարկաւոր է գործել քայլ առ քայլ։ Որպէս նախագահ՝ Պեշար Էսատ այսօր միակ երաշխաւորն է Սուրիոյ անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան։ Էսատ պէտք է մնայ այդ պաշտօնին գլուխը, մինչեւ ընտրութիւններու միջոցաւ իր յաջորդին յստականալը։ Ազիմովի խօսքերով, Ռուսաստանի եւ այլ շարք մը պետութիւններու ռազմաօդային ուժերուն կողմէ Սուրիայէ ներս իրականացուած հարուածները ոչ միայն անարդիւնաւէտ են, այլեւ ելմտական օրէն թանկ կ՚արժեն։ Իսկ ցամաքային գործողութիւններու իրականացումը ունի լուրջ ռիսքեր ու կրնայ յաւելեալ կորուստներու տեղի տալ։ Որեւէ համախոհութեան կողմէ Սուրիայէ ներս ցամաքային գործողութեան սկիզբը պիտի ստեղծէ քաոսային իրավիճակ մը։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի ատրպէյճանական ծառայութիւնը կը մատնանշէ, թէ Պաքուի մօտ թէժ քննարկումներ կ՚ընթանան՝ Թուրքիոյ կամ Ռուսաստանի միջեւ կողմնորոշուելու ուղղութեամբ։ Ատրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխաններէն Ռասիմ Մուսապեքով առկայ երկընտրանքը կը վերագրէ երկրի աշխարհագրական դիրքին եւ այդ մէկուն ներկայացուցած վտանգին հետ։ Ան միեւնոյն ժամանակ կ՚ընդգծէ, որ Թուրքիա աւելի հոգեհարազատ է իրենց համար։ «Բացառուած է, որ Ատրպէյճան Թուրքիոյ կողքին չըլլայ։ Սակայն, եթէ թուրք-ռուսական հակամարտութիւնը վերածուի ռազմական մակարդակի եւ այդ մէկը թափանցէ Հարաւային Կովկաս, ապա Ատրպէյճան ստիպուած պիտի ըլլայ կատարել իսկական ընտրութիւն մը։ Սա կախեալ պիտի ըլլայ այն հանգամանքէն, թէ Վրաստան որո՛ւ կողմը պիտի ըլլայ, ՆԱԹՕ-ն որո՛ւ պիտի աջակցի, Հայաստանն ու Իրանը ինչպէ՛ս պիտի դիրքաւորուին», ըսաւ Մուսապեքով։
Քաղաքագէտ Էլշան Շահինօղլու համոզուած է, որ թէեւ երկընտրանքը շատ դժուար է, սակայն Ատրպէյճան փախուստի տեղ չունի։ Ուրիշ քաղաքագէտ մը՝ Ֆերհատ Մամէտով համոզուած է, որ Պաքու որեւէ ձեւով չի կրնար ազդել տարածքաշրջանային զարգացումներուն վրայ։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի նման պետութեան մը համար բացայայտ կողմնակալութիւնը շատ դժուար եւ անթոյլատրելի է։ Արդարեւ, անոր կողմնակալութիւնը կրնայ ոչինչ փոխել եւ ուժերու վրայ որեւէ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ։
Վերջին շաբաթներուն Stratfor ամերիկեան մասնաւոր հետախուզական-վերլուծական ընկերութեան վերլուծաբանները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին Ատրպէյճանի վրայ։ Ըստ իրենց, Ատրպէյճանի հետագայ ճակատագիրը կախուած է արտաքին խաղացողներէ։ Այս նոյն տրամաբանութիւնը կը բիւրեղացնէ նաեւ Իլհամ Ալիեւի Իրան այցելութեան նշանակութիւնը։ Արդարեւ, ներկայիս Թեհրան կարեւոր խաղացող մըն է տարածքաշրջանէն ներս եւ Ատրպէյճանի վրայ կրնայ գործել որոշ ազդեցութիւն մը։ Նաւթի գիներու անկման հետեւանքով Ատրպէյճանի մէջ յառաջացած է տնտեսական լուրջ ցնցում մը։ Մանաթի արժեզրկման հետեւանքով երկրէն ներս կ՚ապրուին անհամեմատ թանկացումներ եւ այդ սղաճին դէմ տեղի կ՚ունենան զանգուածային բողոքի ցոյցեր։ Մեկնաբանները կը մատնանշեն այդ երկրին տեսանկիւնէն ապակայունացման գործօններ։ Հետեւաբար, եթէ այս ընթացքը խորանայ, Stratfor-ի վերլուծաբաններու կանխատեսումներով՝ Ատրպէյճանէ ներս ամէն ինչ կախում պիտի ունենայ՝ միջազգային հանրութեան արձագանգէն։ Ատրպէյճան այնպիսի երկիր մըն է, որու նկատմամբ ռազմավարական հետաքրքրութիւն գոյութիւն ունի թէ՛ Արեւմուտքի, թէ՛ Ռուսաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Իրանի մօտ, նաեւ փոխադարձաբար։ Անգարա-Մոսկուա առկայ բանավէճի պայմաններուն ներքեւ վերջերս յաճախ կ՚արտասանուի նաեւ Պաքուի անունը։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու վերջերս Ուքրայնա կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած էր, որ Ռուսաստան եւ Հայաստան կը վտանգեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Տավուտօղլուի Քիեւէն հնչեցուցած այդ խօսքերուն Մոսկուայի արձագանգը եկած էր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի կողմէ։ Այսպէս, ըստ ռուս բանբերին, Թուրքիա պիտի չյաջողի սեպ խրել Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Զախարովայի խօսքերով, Տավուտօղլու ի վերջոյ պէտք է հասկնայ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը արդէն վաղուց գոյութիւն չունի։ Տարածքաշրջանէ ներս պետութեան մը գերիշխանութիւնը այլեւս անհնարին է, որովհետեւ սա չի համապատասխաներ այն սկզբունքներուն, որոնցմով կ՚առաջնորդուի ժամանակակից աշխարհը։
Ալիեւի Իրան այցելութեան ընդառաջ՝ Թեհրանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկուն։ Իսկ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը ձեռնարկեցին մեծ զօրավարժութիւններու։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այդ ռազմափորձերը կ՚իրականացուին՝ բանակը պատերազմական վիճակի պատրաստելու ծրագրին շրջանակներէն ներս։ Ռազմափորձին ներգրաւուած են նաեւ զինուորական զանազան զրահապատ ինքնաշարժներ։
Ատրպէյճանի բանակի այս զօրավարժութիւնները թէեւ ուշադրութենէ չեն սպրդիր, սակայն վերջին շրջանին անոր հասցէգրուած քննադատութիւններն ալ կ՚ընկալուին լուրջ։ «Խազար» ռազմական հետազօտութիւններու կաճառը տեղեկացուց, թէ Ատրպէյճանի բանակը չունի իրեն յատկացուած ելմտական միջոցներուն համապատասխան մարտունակութիւն։ Քարիւղի գնանկման հետեւանքով Ատրպէյճանի տնտեսութիւնը եղած է կաթուածահար եւ իշխանութիւնները բազմաթիւ բնագաւառներու առընթեր լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուին նաեւ ռազմական ոլորտի պարագային։ Նոյն աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վերնախաւը կը ձգտի հասարակութենէն թաքցնել առկայ կացութիւնը ու կը խուսափի զանգուածային լրատուական միջոցներու մօտ արձագանգներէն։ «Ատրպէյճանի բանակի առկայ կառուցուածքը շատ ելմտական միջոցներ պահանջող, սակայն, այդ միջոցներուն համապատասխան մարտական պատրաստուածութենէ հեռու բանակի կառուցուածք մըն է։ Բանակը կը հանդիսանայ ղեկավարութեան կաշառակերութեան նպատակներու կենսագործման գետին մը։ Այստեղ միլիառներով ելմտական միջոցներ կ՚իւրացուին ու ոչ ոք կը պատժուի։ Պաշտպանական ծախսերը կը գտնուին կաշառակերութեան թիրախին», մատնանշած են վերլուծաբանները։
Երէկ, Սթոքհոլմի մէջ գործող Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը (SIPRI) հրապարակեց զեկոյց մը։ Ըստ SIPRI-ի տուեալներուն, 2006-2010 թուականներուն բաղդատմամբ՝ 2011-2015 թուականներուն Ատրպէյճան 217 տոկոսով աւելցուցած է ծանր սպառազինութեան ներածումը։ Ան այսպէսով դարձած է Եւրոպայէ ներս ծանր սպառազինութիւն ներածող թիւ մէկ երկիրը։
Նոյն ժամանակահատուածին Ատրպէյճան եօթ անգամով բազմապատկած է Ռուսաստանէն սպառազինութեան ներածումները։ 2006-2010 թուականներուն Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած սպառազինութեան ամբողջ արտածման միայն 0.7 տոկոսը ուղարկուած էր Ատրպէյճան։ Այդ համեմատութիւնը 4.9 տոկոսի հասած է 2011-2015 թուականներուն։