ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին ստեղծուեցաւ նոր կուսակցութիւն մը, որ կը կոչուի՝ «Հայկական վերածնունդ»։ Կուսակցութեան բուն անունն է «Հայկական վերածունդ միաւորում», որու հիմնադիր համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ։ Այս նոր կուսակցութեան գլուխը կը գտնուի Արթուր Պաղտասարեան։ Այս վերջինը մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը վարէր «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը։ Հայաստանի համախոհական իշխանութեան ալ մաս կազմած էր այդ կուսակցութիւնը, որ սակայն միջոց մը առաջ դուրս եկած էր կառավարութենէն։ Արթուր Պաղտասարեանի կողմէ գլխաւորուած «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը գործնականօրէն, շաբաթավերջին վերածուեցաւ «Հայկական վերածնունդ»ի։ Այս վերջինը նախապէս հասարակական-քաղաքական միաւորում մըն էր եւ այդ մէկը պաշտօնապէս վերակազմակերպուեցաւ որպէս կուսակցութիւն։ Միաւորման անդամ կուսակցութիւնները իրենց գործունէութեան դադրեցման զուգահեռ կը շարունակեն աշխատիլ այս նոր կուսակցութեան հովանիին ներքեւ։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած անդրանիկ համագումարին ընթացքին մասնակիցները հաստատեցին կանոնադրութիւնը, ծրագիրն ու ռազմավարութիւնը։ Կուսակցապետ ընտրուեցաւ Արթուր Պաղտասարեան։
Նորաստեղծ այս կուսակցութեան համագումարին չմասնակցեցան այլ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ։