ՈՉ ԵՒՍ Է ՓՐՈՖ. ՊԵՏՐՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Ոչ եւս է ժամանակակից իրականութեան ամենալուսաւոր դէոմքերէն մին՝ պատմաբան, աղբիւրագէտ Պետրոս Յովհաննիսեան:
Պետրոս Յովհաննէսի Յովհաննիսեան ծնած է 1944-ի Յունիսի 22-ին Կիւմրի՝ Մեծ եղեռնէն մազապուրծ փրկուած երզնկացի Յովհաննէսի բազմանդամ ընտանիքին մէջ: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է նոյն քաղաքի Վլատիմիր Մայակովսքիի անուան թիւ 5 միջնակարգ դպրոցին մէջ, զոր աւարտելէ յետոյ Պետրոս Յովհաննիսեան յաջողութեամբ յանձնելով քննութիւնները, կ՚ընդունուի Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը՝ ընտրելով հայոց պատմութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառը: Ուսումնառութեան շրջանին կը զօրակոչուի բանակ եւ՝ շուրջ երեք տարի խոր-հըրդային բանակին մէջ ծառայելէ յետոյ, կը շարունակէ ուսումը ու 1970-ին կ՚աւարտէ Երեւանի Պետական համալը-սարանի պատմութեան բաժանմունքը: Նոյն թուականին կ՚ընդունուի ասպիրանտուրա Հայոց պատմութեան ամպիոնի գծով եւ 1976-ին յաջողութեամբ կը պաշտպանէ թեկնածուական ատենախօսութիւնը՝ Փրոֆ. Ս. Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ: Այնուհետեւ կ՚աշխատի Հայոց պատմութեան ամպիոնի մէջ իբրեւ գիտաշխատող, ամպիոնի վարիչ, աւագ դասախօս, ապա՝ տոցենթ, այժմ՝ փրոֆէսէօր: 2013-էն մինչ օրս կը ղեկավարէր Երեւանի Պետական համալսարանի Հայոց պատմութեան ամպիոնի աշխատանքները:
Ընթերցող հասարակութեան մեծ մասին յայտնի են Պետրոս Յովհաննիսեանի հայ թագաւորներու, կաթողիկոսներու, հասարակական-պետական նշանաւոր գործիչներու մասին Հայաստանի հանրագիտարաններու եւ «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարանի բազմաթիւ յօդուածները: Ան շարք մը գիտական խորհուրդներու անդամ էր եւ գիտական բազմաթիւ զեկուցումներով հանդէս եկած է հանրապետական ու միջազգային շարք մը գիտաժողովներու մէջ:
Իր գիտամանկավարժական անբասիր գործունէութեան համար 2009 թուականին Հանրապետութեան նախագահին հրամանագրով՝ Յովհաննիսեանին շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր մանկավարժի պատուաւոր կոչում: