ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ՝ դէպի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան շրջագծով։ Ռուսական մայրաքաղաքին մէջ նախարարը ծաղկեպսակ մը զետեղեց Անծանօթ զինուորի շիրմին եւ իր ռուս պաշտօնակցին հետ մասնակցեցաւ՝ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ցուցահանդէսի մը բացման։
Նալպանտեան եւ Լաւրով Մոսկուայի բանակցութիւններուն ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Նալպանտեան եւ Լաւրով սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին բացատրութիւններ տուին ծաւալուած քննարկումներուն շուրջ։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ կը պատրաստուի յառաջիկային այցելել Մոսկուա՝ տեսակցելու համար Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու նախարարները երէկ անդրադարձան այդ տեսակցութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Մոսկուայի երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սէրկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսաստան Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ կը շարունակէ աշխուժօրէն յառաջ տանիլ այնպիսի քայլեր, որոնք թոյլ պիտի տան լաւատես պայմաններ ստեղծել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ շինիչ բանակցութիւններու ձեռնարկելու համար։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները չունին ուրիշ այլընտրանք մը, քան՝ քաղաքական-դիւանագիտական միջոցները։ Լաւրովի խօսքերով, այդ լաւատես պայմանները պիտի թուլացնեն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ ստեղծուած զգացական մթնոլորտը եւ թոյլ պիտի տան բանակցային սեղանին վրայ յստակօրէն քննարկել կարգաւորման այն առաջարկները, որոնք յղացուած են Ռուսաստանի կողմէ՝ վայելելով նաեւ Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը։ Լաւրով միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ հիմնախնդրի կարգաւորման ճանապարհին այլընտրանք չի տեսներ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափին։ «Ասոր ուղղութեամբ խօսած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները այն փաստաթուղթերուն մէջ, որոնց տակ անոնք իրենց ստորագրութիւնը դրած են։ Եռանախագահութեան ձեւաչափին կողմնակից եղած են ԵԱՀԿ-ի բոլոր անդամները», ըսաւ Լաւրով եւ հաւաստիացուց, թէ համանախագահները անգործութեան մատնուած չեն։ Ըստ իրեն, միջնորդները մշտապէս հանդէս եկած են բանակցային գործընթացը աշխուժացնելու եւ արագացնելու ի նպաստ։ Այս հանգամանքը արտայայտուած է այն եռակողմանի փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք անոնց կողմէ կը տարածուին պարբերաբար։ Նման փաստաթուղթ մը ընդունուած է նաեւ վերջին օրերուն՝ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին ընթացքին։ Այդ փաստաթուղթին մէջ շատ յստակ ընդգծուած է՝ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս ուժի կիրառման ռազմական հռետորաբանութեան անընդունելի ըլլալը։ Շեշտուած է նաեւ Սեն Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի պայմանաւորուածութիւններու ամբողջութեամբ կատարման անհրաժեշտութիւնը։
Նալպանտեան եւ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, իսկ աւելի վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսէն վերջ Լաւրով պաշտօնական ճաշկերոյթ մը կազմակերպելով պատուեց իր հայ պաշտօնակիցը։ Մինչ այդ, ռուս նախարարը Մոսկուայի մէջ Եդուարդ Նալպանտեանին յանձնեց՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ շնորհուած Բարեկամութեան շքանշանը։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաստատեցին, որ երէկուան հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը կեդրոնական տեղ զբաղեցուցած է։ Նալպանտեան եւ Լաւրով համակարծիք գտնուած են, թէ հիմնախնդրի խաղաղ հանգուցալուծումը այլընտրանք չունի։ Բաց աստի, երկու նախարարները քննարկեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ հարցերը։ Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին եւ Սուրիոյ ճգնաժամի հանգուցալուծման ուղղեալ ջանքերուն։ Նալպանտեան Մոսկուայի ասուլիսին ընթացքին ընդգծեց հետեւեալը. «Վիեննայի, Սեն Փեթերսպուրկի, Աստրախանի եւ Սոչիի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն հրաժարած է Ատրպէյճան։ Ատրպէյճան այդ համաձայնագրերը կը ստորագրէ ապա ետքայլ կը կատարէ։ Մենք չենք կրնար ընտելանալ այս երեւոյթին, միջազգային հանրութիւնը եւս, սակայն այլընտրանք չկայ։ Մենք համանախագահներուն հետ պիտի շարունակենք ջանքեր գործադրել՝ ուղղուած հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ու նախ եւ առաջ բանակցային գործընթացը յառաջ տանելիք պայմաններու ստեղծման»։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Նալպանտեան-Լաւրով բանակցութիւններուն ընթացքին ծրագրուած է հետաքրքրական բան մը։ Բանբերը այս կապակցութեամբ աւելի մանրամասնութիւններ չփոխանցեց։