ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՔՆՆԱԴԱՏԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԸՆԹԱՑՔԸ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս Թուրքիա ինքզինք կը դրսեւորէ չափազանց ապակառուցողական։ «Ռիա-Նովոստի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան քննադատեց Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ աւելցուց, որ այդ մէկը ուղղուած է տարածքաշրջանի շահերուն դէմ։ Նախարարին խօսքերով, Թուրքիա կը շարունակէ շրջափակել Հայաստանը ու ետ կանգնած է անոր հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելէ՝ համապատասխան միջազգային մակարդակով ստանձնած պարտաւորութիւններէն։ Ան յիշեցուցած է 2010 թուականին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ «Եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային իր կանխակալ վերաբերմունքով Թուրքիա կը շարունակէ արդիւնաւէտօրէն ինքզինք մեկուսացնել տարածքաշրջանային գործընթացներէն», ըսաւ ան։
Հարկ է նշել, որ Վիգէն Սարգսեան նման տեսակէտ մըն ալ արտայայտեց վերջերս Միւնիխի 53-րդ անվտանգութեան համաժողովին ընթացքին։ Միւնիխի Երիտասարդ առաջնորդներու ֆորումին մասնակցելով ունեցած ելոյթին ընթացքին ան մատնանշած էր հետեւեալը. «Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու լրիւ բացակայութեան պատճառով Թուրքիա գործնականօրէն ինքզինք դուրս թողած է Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային գործընթացներէն»։
Միւնիխի մէջ Վիգէն Սարգսեան նշեց, որ որպէս քաղաքականութիւն՝ Թուրքիա որդեգրած է յստակ հակահայկական կեցուածք մը։