ԱՆԿԵՂԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Նախագահական ապարանքին մէջ Սերժ Սարգսեան զինուորական պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։ «Մեզի համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է հիւրընկալել բարեկամ Լիբանանի նախագահը Հայաստանի մէջ եւ մենք խորապէս շահագրգռուած ենք Լիբանանի հետ մեր յարաբերութիւնները խորացնելու բոլոր ոլորտներու մէջ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան՝ ընդգծելով Միշել Աունը ողջունելու ուրախութիւնը Երեւանի մէջ։ Ան միեւնոյն ժամանակ ջերմութեամբ վերյիշեց 2012 թուականին Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը։ Իր կարգին, Միշել Աունն ալ ուրախութիւն յայտնեց Հայաստան այցելութեան կապակցութեամբ եւ ըսաւ, թէ սա իրեն համար մեծ պատիւ մըն է։ Աուն շեշտեց, որ լիբանանահայ համայնքը մեծ ներդրում ունեցած է երկրի զարգացման, ծաղկման ուղղութեամբ։ Հիւր ղեկավարը շեշտեց, թէ իր այցելութիւնը միտուած է աւելի ամրապնդելու երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Դիմաւորման արարողութենէն եւ առանձնազրոյցէն վերջ երկու նախագահները գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Աւարտին, Սերժ Սարգսեան եւ Միշել Աուն սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Սերժ Սարգսեան ցաւ յայտնեց, որ ներկայիս Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանէն ներս, մասնաւորապէս՝ Սուրիոյ մէջ կը շարունակուին մարդկութեան դէմ կարեւոր ոճրագործութիւններ։ «Այս առումով կը կարեւորենք Լիբանանի գործնական եւ արդիւնաւէտ ներդրումը ահաբեկչութեան եւ արմատականութեան դէմ պայքարի մէջ եւ բարձր կը գնահատենք այս տարիներուն սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութիւնը։ Հայաստան եւս իր համեստ հնարաւորութիւններուն չափով օգնութեան ձեռք երկարած է սուրիացի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներու», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։ Բաց աստի, ան ընդգծեց, որ Հայաստան հպարտութիւն կը զգայ, որովհետեւ կարողացած է ունենալ իր համեստ ներդրումը՝ բարեկամ Լիբանանի կարողութեան եւ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ՝ մասնակցելով երկրի հարաւին տեղակայուած ՄԱԿ-ի ԵՈՒՆԻՖԻԼ առաքելութեան։

Միշել Աունն ալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, որ Սերժ Սարգսեանի հետ խօսած են սուրիացի ներգաղթեալներու խնդրին մասին։ Ըստ իրեն, այս հարցը առաւել բարդացած է Սուրիոյ հարեւան երկիրներուն, յատկապէս Լիբանանի մէջ։ Միշել Աուն տեղեկացուց, որ պիտի մասնակցի յառաջիկայ Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովին։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեւանի մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ մըն ալ սարքեց ի պատիւ իր պաշտօնակցին։

 Միւս կողմէ, Միշել Աուն Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018