ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով քառօրեայ նստաշրջանը այս առաւօտ հասաւ իր աւարտին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական համակարգը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վերջին իրադարձութիւններուն։ Այսպէսով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը պաշտօնապէս արտայայտեց իր դիրքորոշումը Պատրիարքական Աթոռի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հնչած ձայնը խորքին մէջ հանդարտութեան կոչ մըն է։ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ գումարուած ժողովներէն վերջ շինիչ յորդորներ ուղղուած են, նաեւ որոշ չափով քննադատութիւններ հասցէագրուած՝ Աթոռի միաբան երեք սրբազաններուն։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ԳՀԽ-ի այս նստաշրջանին ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան մեր համայնքի վերաբերեալ իրադարձութիւնները։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը հրատարակենք այս առաւօտ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

*

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կրկին իր մտահոգութիւնը կ՚արտայայտէ Կոստանդնուպոլսի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի հիւանդութեան պատճառով անցնող տասն տարիներու ընթացքին պատրիարքութեան եւ պոլսահայութեան կեանքին մէջ տեղ գտած անցանկալի զարգացումներուն առընչութեամբ։ Պատրիարքական Աթոռի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը լուրջ անհանգստութիւն եւ ընդվզում յառաջ բերած է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին մէջ։

Փաստացի թափուր Աթոռի իրողութեան եւ նոր պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելու հրամայականին առջեւ 2016 թուականին պատրիարքութեան մէջ յառաջացան նոր զգայնութիւններ, որոնց փարատման համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յորդորով Սուրբ Էջմիածին հրաւիրուած Աթոռի եպիսկոպոսաց դասը յանձնառու եղաւ հանգուցալուծման առաջնորդելու առկայ խնդիրները։ Արդիւնքին պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը նոր յոյս ներշնչեց պատմական Աթոռը գահակալով օժտելու եւ պոլսահայութեան բնականոն կեանքը վերականգնելու առումով։

Ցաւով կ՚արձանագրենք, որ կարճ ժամանակ անց եկեղեցական պատասխանատու մարմիններու եւ անհատներու անշրջահայեաց քայլերու հետեւանքով ստեղծուեցաւ իրավիճակ մը, որ առիթ տուաւ արտաքին ներազդեցութիւններու եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններու միջամտութեան՝ յանգեցնելով նորանոր յուզումներու եւ վերստին ձախողելով պատրիրաքական ընտրութիւններու կազմակերպան ի նպաստ ներդրուած ջանքերը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մշտապէս ողջունած է պոլսահայութեան կամքի արտայայտութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը բերած է Աթոռի պատկան կառոյցներուն կողմէ առնուող որոշումներուն։

Պոլսոյ պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի 2018 թուականի Փետրուարի 9-ի որոշումը նկատի առնելով հանդերձ՝ սթափութեան կոչ կ՚ուղղենք Աթոռի միաբաններ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանին, Գերաշնորհ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանին, Գերաշնորհ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանին եւ մնացեալ եկեղեցականներուն՝ սեփական ձգտումներէն ու միջանձնային յարաբերութիւններէն վեր դասելու եւ առաջնային նկատելու Կ. Պոլսոյ Աթոռի շահը՝ ամենայն իմաստութեամբ եւ յանձնառութեամբ սրբագրելու արձանագրուած սխալ գործընթացները եւ վերականգնելու խաղաղութիւնը, միասնութիւնն ու համերաշխութիւնը պոլսահայոց ալեկոծեալ կեանքին մէջ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յորդորն է Կրօնական ժողովի անդամներուն եւ համայնքի մէջ հանգամանք ու հեղինակութիւն ունեցող աշխարհական հայորդիներուն՝ միաբան ու համախորհուրդ, Հայոց Եկեղեցւոյ կանոններու եւ օրինական պահանջներու պահպանմամբ, հետամուտ ըլլալ երկարամեայ ծանր հիւանդութեան մէջ գտնուող Ամենապատիւ Մեսրոպ Պատրիարքը անգործունեայ ճանաչելու եւ պետութեան հետ սահմանուած ընթացակարգով պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպման՝ ի պայծառութիւն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ ի մխիթարութիւն մեր բարեպաշտ ժողովուրդին։

Թուրքիոյ իշխանութիւններէն մեր ակնկալութիւնն է, որ ընդառաջեն հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման հայ համայնքի արդար պահանջին։

Հանդարտութեան հրաւէր կ՚ուղղենք նաեւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին՝ ողջախոհութեամբ եւ զսպուածութեամբ առիթ ընձեռելու Պոլսոյ Աթոռին ստեղծուած կացութիւնը յաղթահարելու։

«Եւ վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ո՛ղջ եղէք, հաստատո՛ւն մնացէք, մխիթարուեցէ՛ք, միաբա՛ն եղէք, խաղաղութի՛ւն ըրէք. եւ խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը թող լինի ձեզ հետ» (Բ Կորնթ. ԺԳ 11)։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018