ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Հոլանտայի խորհրդարանը երէկ հաւանութիւն տուաւ՝ վերջերս օրակարգի վրայ եկած հայկական բանաձեւերուն։ Այս որոշումը առնուեցաւ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի յարաբերութիւններուն գծով կ՚ապրուին վերիվայրումներ։ Այսպէսով, Հոլանտայի խորհրդարանը 1915 թուականի դէպքերը պաշտօնապէս որակեց որպէս ցեղասպանութիւն։ Թէեւ Հոլանտայի համախոհական կառավարութիւնը չպաշտպանեց այս բանաձեւին ընդունուիլը, սակայն իշխանութեան մասնակից Քրիստոնէական միութեան կողմէ պատրաստուած նախագիծը արժանացաւ գրեթէ բոլոր կուսակցութիւններու հաւանութեան։ Ըստ ընդունուած բանաձեւերուն, Հոլանտա ամէն տարի նախարարի մակարդակով ներկայացուցիչ մը պէտք է ուղարկէ Երեւան՝ 24 Ապրիլի ոգեկոչումներուն։

Երէկուան բանաձեւերու վերաբերեալ քուէարկութենէն առաջ Հոլանտայի Արտաքին գործոց նախարար Սիկրիտ Քաակ յայտնեց, որ կառավարութիւնը հաշտ աչքով չի դիտեր բանաձեւերը։ Տեղական մամուլը կը մէջբերէ նախարարին խօսքերը, ըստ որոնց 1915 թուականի դէպքերը չեն համապատասխաներ ցեղասպանութեան չափանիշներուն։

Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ երէկ ընդունուած որոշումը պատճառ դարձաւ Թուրքիոյ բուռն հակազդեցութեան։ Անգարա խստիւ պախարակեց այս որոշումը։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուց, որ Եւրոպայի սրտին վրայ պատահած Սրեպրենիցայի ցեղասպանութեան աչք փակած երկիր մըն է Հոլանտա, որու խորհրդարանին կողմէ առնուած այս որոշումը անհիմն է ու տեղ չունի ո՛չ պատմութեան եւ ոչ ալ արդարութեան մէջ։ Նախարարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ արձանագրած է Հոլանտայի կառավարութեան յայտարարութիւնը, ըստ որու երէկ առնուած որոշումը պիտի չգործադրուի ու Երեւանի մէջ կազմակերպուած ոգեկոչումներուն ժամանակ ներկայացուիլը պիտի չնշանակէ ճանաչել ցեղասպանութիւնը։

Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Հոլանտայի խորհրդարանի որոշման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Հոլանտա կրկին հաւաստած է իր հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն նկատմամբ։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018