ՈՉՆՉԱՑՈՒԱԾ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ 2 ՀԱԶԱՐԻ

Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին յառաջ կը տանին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր ոչնչացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 1873-ի։

Միւս կողմէ, Սուրիոյ տարածքէն ներս արիւնալի իրադարձութիւններն ալ կը շարունակուին՝ ողբերգական հետեւանքներով։ Մայրաքաղաք Դամասկոսի արեւելեան Կութա շրջանէն ներս Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերը օրերէ ի վեր կ՚իրականացնեն գործողութիւններ, որոնց հետեւանքները կ՚ըլլան ծանր։ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, որ արեւելեան Կութայի ողբերգական իրադարձութիւններէն պատասխանտու չեն Սուրիոյ ղեկավարութիւնը, Ռուսաստանը կամ Իրանը։ «Պատասխանատու են անոնք, որոնք կը խրախուսեն ահաբեկչութիւնը։ Մենք այստեղ կը պայքարինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կացութիւնը բերին այսօրուան», ըսաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով։

Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Քաթար կոչ ուղղեցին, որպէսզի արեւելեան Կութայի ուղղեալ այս յարձակումները կասեցուին։ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլն ալ արտայայտեց նման դիրքորոշում մը։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018