«ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏԱՅ, ԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ՉԿՈՐԾԱՆՈՒԻ»

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի հանրահաւաքին ժամանակ զրուցեցինք Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակներէն երկու յայտնի դէմքերու հետ։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէններէն «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան եւ խորհրդարանի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներէն Գէորգ Պետրոսեան (ի դէպ, վերջերս դուրս եկած է այդ խմբակցութենէն) պատասխանեցին մեր հարցումներուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք անոնց հետ մեր ունեցած ամփոփ զրոյցները։

ԱՐԹՈՒՐ ՎԱՆԵՑԵԱՆ

-Ի՞նչ են  ընդդիմութեան յաջորդ քայլերը, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, Փաշինեան չի պատրաստուիր հրաժարական տալ: Ի՞նչ գործընթացներու սպասենք:

-Մենք կը պարտադրենք, որ ինք հրաժարական տայ եւ նոյն այս գործընթացներով, զորս կ՚իրականացնենք: Համաժողովրդական պայքարի շնորհիւ մենք անպայման կ՚ունենանք արդիւնք եւ սա տեղի կ՚ունենայ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին:

-Ի՞նչ խօսք ունիք ըսելու սփիւռքահայութեան:

-Սփիւռքահայութիւնը պէտք է հաւատայ, որ Հայաստանը պիտի չկործանի, Հայաստանի մէջ դեռ կան արժանապատիւ մարդիկ, որոնք պիտի ուղղեն մեր ազգի եւ մեր ժողովուրդի՝ ժամանակաւորապէս դաւաճան իշխանութիւններու կողմէ ծալուած մէջքը։

-Սփիւռքահայութենէն ակնկալիք մը ունի՞ ընդդիմութիւնը:

-Սփիւռքահայութիւնը պէտք է յստակ գնահատական տայ, չտարուի իշխանութիւններու կեղծ քարոզչութենէն եւ յստակ հասկնայ, որ իրօք անդառնալի երեւոյթ մըն է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը։ Պէտք չէ հաւատալ այս դաւաճան իշխանութիւններու կեղծ քարոզչութեան: Իրօք ունինք խնդիր եւ այդ խնդրի թիւ մէկ պատասխանատուները այսօրուայ իշխանութիւններն են:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

-Պր. Պետրոսեան, ի՞նչ պիտի ըլլան ձեր յաջորդ քայլերը:

-Իմ բոլոր քայլերը պիտի ըլլան՝ ինչ որ ինծի կը թոյլատրէ երկրիս Սահմանադրութիւնը եւ ինչ որ մեր երկրի օրէնսդրութիւնը կը պարտաւորէ՝ ի՛նչ պիտի ընէ պատգամաւորը ժողովուրդին համար: Ես պարտաւոր եմ պահպանել օրէնքը, յարգել մեր Սահմանադրութիւնը եւ յարգել մեր պետականաշինութեան շահը: Եւ ինծի համար պետականաշինութեան մասնակցիլն ու օժանդակելը գերակայ է կուսակցական շահէն եւ ասոր համար նախընտրեցի պետականաշինութեան առաւելագոյնս օգտակար ըլլալու տարբերակը:

-Սահմանադրական կարգով յառաջիկայ օրերուն Ազգային ժողովէն ներս ի՞նչ փոփոխութիւններու պէտք է սպասել:

-Չէ, Ազգային ժողովէն ներս լուծում չկայ։ Թէ ինչո՞ւ չկայ… Պէտք է պատգամաւորներու որոշ թիւ մը ըլլայ, որպէսզի անվստահութիւն յայտնէ։ Սա տեղի պիտի չունենայ հիմա: Նախաձեռնութեան համար պէտք է 44 պատգամաւորի ձայնը, բայց որոշում ընդունուելու համար պէտք է 67 ձայն: Իրենցմէ (իշխանութենէն) ոեւէ մէկը չի տար այդ ձայնը, որովհետեւ անոնք բառիս բուն իմաստով կը վախնան Նիկոլէն:  

-Ի՞նչ խօսք ունիք ըսելու սփիւռքահայերուն:

-Մենք, ի հարկէ, շնորհակալ ենք սփիւռքահայերու բոլոր աջակցութիւններուն համար, բայց հիմա կայ գերակայ աջակցութիւն մը: Ես կը խնդրեմ մեր յարգարժան սփիւռքահայերէն, որ իրենք ալ գան եւ մասնակցին այս այլանդակ իշխանութեան հեռացման:

-Իսկ ի՞նչ կ՚ակնկալէք սփիւռքէն:

-Մենք կ՚ակնկալենք, որ մեր ափիւռքահայ եղբայրները գան այստեղ, ֆիզիքապէս ներկայ ըլլան եւ մասնակցին այս իշխանափոխութեան: Ճիշդ է՝ իրենք շատ մը հարցերու մէջ աջակցած են մեզի, շատ օգնած են մեր ազգին, այս ժողովուրդին, հայաստանաբնակ հայերուն, բայց հիմա պէտք է գան ֆիզիքապէս: Եթէ սփիւռքի 10 տոկոսը այստեղ գայ ու մասնակցի իշխանափոխութեան, ապա ամենէն մեծ օգնութիւնը կ՚ըլլար այդ մէկը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2021