ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը։ Սա այս ձեւաչափով հերթական ժողովն է, որու ծիրէն ներս Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցները՝ Ճէյհուն Պայրամովը (Ատրպէյճան) եւ Ռաշիտ Մերետովը (Թիւրքմենիստան)։ Չավուշօղլու առանձնազրոյցներ ալ կ՚ունենայ եռակողմանի հանդիպման մասնակից պաշտօնակիցներուն հետ։ Հիւր նախարարները կ՚ընդունուին նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Թուրքիա-Ատրպէյճան-Թիւրքմենիստան առանցքին վրայ միջոցէ մը ի վեր համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը բարձրացնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին։ Համագործակցութիւնը մասնաւորապէս ուղղուած է ուժանիւթի բնագաւառին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2021