ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆԻ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄԸ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ Կիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխի մէկ մասը կրնայ տեղակայուիլ երկրի արեւելեան ուղղութեամբ։

«ՌԻԱ Նովոստի» ռուսական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Վաղարշակ Յարութիւնեան նշեց, որ Երեւան եւ Մոսկուա այժմ կը քննարկեն այս հաւանականութիւնը։ Հայաստանի մէջ երկրորդ ռուսական ռազմախարիսխ մը տեղակայելու անհրաժեշտութիւնը առանձնապէս չկայ։ Համապատասխան իրաւական դաշտը, որ ներկայիս երկու պետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունի, կը կարգաւորէ միայն մէկ ռուսական ռազմախարիսխի գործունէութիւնը։ «Աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ խօսիլ ռուսական ռազմակայանի կազմէն որեւէ զօրամիաւորման՝ Հայաստանի արեւելեան ուղղութեամբ վերատեղակայման մասին, հաշուի առնելով անոր ընդլայնումը։ Նախարարի խօսքով՝ Հայաստանի ռուս սահմանապահներուն յաւելեալ գործառոյթներ վերապահուած են անվտանգութեան ապահովման եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանի պաշտպանութեան հարցով։ «Կասկած չունիմ, թէ մեր պետութիւններու սահմանապահ ծառայութիւններու գծով սերտ ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւն մը կը ծաւալուի եւ այս հարցին մէջ ալ Հայաստանի ռուս սահմանապահներու ստանձնած առաջադրանքները կը կատարուին ամենաբարձր մակարդակով։ Մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմը՝ Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան անձնակազմը Հայաստանի մէջ պատասխանատու եղած է երկրի տարածքով անցնող Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) սահմաններու պահպանման եւ անվտանգութեան ապահովման առաջադրանքներու կատարման համար։ Այսօր իրավիճակը զգալիօրէն փոխուած է», ըսաւ Վաղարշակ Յարութիւնեան։

Անդրադառնալով Կիւմրիի ռուսական ռազմակայանի ընդլայնման ուղղութեամբ հայկական կողմի շահագրգռութեան, հարցազրոյցի ժամանակ Վաղարշակ Յարութիւնեան ըսաւ. «Հայաստանի տարածքէն ներս ռուսական ռազմախարիսխի ընդլայնման եւ ուժեղացման հարցը միշտ եղած է օրակարգի վրայ։ Հայկական կողմը միշտ ալ այս ուղղութեամբ շահագրգռութիւն ունեցած է թէկուզ այն պարզ պատճառով, որ ռազմակայանը ամբողջ կազմով ներառուած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերու միացեալ զօրամիաւորման մէջ։ Սա կը նշանակէ, որ ռազմակայանի հնարաւորութիւններու ընդլայնումը իր հետ կը բերէ համատեղ զօրամիաւորման ներուժի աւելացումը, ինչ որ երկկողմանի հիմքով կը գործէ Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս»։

Վաղարշակ Յարութիւնեան ներկայ պաշտօնին նշանակուելէն ի վեր առաջին անգամ տուած է հարցազրոյց մը։ Ան առանց որեւէ հայկական լրատուամիջոցի յայտարարութիւն ընելու, արդէն խօսած է ռուսական լրատուամիջոցի մը համար։ Այս հարցազրոյցին մէջ ան դիտել տուած է, որ Արցախի ռազմական գործողութիւններէն վերջ Հայաստանի բանակէն ներս բարեփոխումներ կ՚իրականացուին։ Երեւան կ՚ակնկալէ Մոսկուայի հետ համատեղ ջանքերու շնորհիւ Արցախէ ներս երկարաժամկէտ խաղաղութեան ապահովումը։ Բաց աստի, յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով ան շեշտած է, որ Հայաստան պիտի ապահովէ Ատրպէյճան-Նախիջեւան փոխադրութեան հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը։ Ներկայ պահուն օրակարգի վրայ չի գտնուիր այս գործին հայկական բանակի ներգրաւումը։ Հաղորդակցութեան վերահսկողութիւնը կ՚իրականացուի Ռուսաստանի սահմանապահ մարմիններուն միջոցաւ՝ ըստ հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան։

Հարցումի մը պատասխանելով Վաղարշակ Յարութիւնեան նշած է, որ հայկական կողմը պիտի շարունակէ մարդասիրական առաքելութիւնը Սուրիոյ մէջ, այս բանը իր պարտքը կը համարէ՝ նկատի ունենալով, որ այդ երկրէն ներս հայկական սփիւռք մը գոյութիւն ունի։

Վաղարշակ Յարութիւնեանի այս յայտարարութիւնները Հայաստանի մէջ միանշանակ չեն ընկալուած։ Որոշ վերլուծաբաններ կը հարցաքննեն այն մօտեցումը, ըստ որու ռուսական զօրքերու ներկայութիւնը ձեռնտու է հայկական կողմին համար։ «Պէտք է նայինք, թէ ինչ կը կատարուէր պատերազմի ժամանակ։ Մենք միայն Ղարաբաղի մէջ խնդիրներ չունեցանք, ռուսական կողմը չաջակցեցաւ նաեւ Հայաստանի պարագային, երբ Ատրպէյճան կը ռմբակոծէր Վարդենիսը, Կապանը, Դաւիթ-Բէկ գիւղը։ Ինչքան ես կը յիշեմ՝ սա Հայաստանի տարածքն է, Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը չէ, բայց Ռուսաստան մեզի չէր աջակցեր, ուրեմն այստեղ հարցեր կան», նշած է քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած մեկնաբանութեան մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանը կը գործէ 1995 թուականին ստորագրուած միջպետական համաձայնագրի հիման վրայ։ 2010 թուականին այդ փաստաթուղթին մէջ կատարուած են փոփոխութիւններ եւ ռազմակայանի տեղակայման ժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ 2044 թուականը։ Այս վերջին յայտարարութեան մէջ Վաղարշակ Յարութիւնեան մատնանշած է, որ Հայաստան՝ բացի Ռուսաստանէն միակ երկիրն է, ուր ռուս սահմանապահներ գոյութիւն ունին։

Բաց աստի, Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու։ Վաղարշակ Յարութիւնեան նշեց, որ Ատրպէյճան չի կատարեր հրադադարի համաձայնութեան գերիներու վերադարձման վերաբերեալ կէտերը եւ անոնց վերադարձման գործընթացը կ՚օգտագործէ քաղաքական նպատակներով՝ Հայաստանի վրայ յաւելեալ ճնշումներ գործադրելու համար։

Իր կարգին, Թոյվօ Քլաար նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին մէջ Եւրոմիութիւնը կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ պատրաստ է իր նպաստը բերելու այդ ձեւաչափով բանակցութիւններու աշխուժացման ուղղութեամբ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան յայտարարեց, որ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձը ծայրայեղ հրապատ խնդիր մըն է ու կը պահանջէ անյապաղ լուծում։ Ան այս հանգամանքը ընդգծեց՝ ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի  46-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակով առցանց հանդիպման ժամանակ։ Արա Այվազեան ընդգծեց, որ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ ՄԱԿ-ի վաղ նախազգուշացման դրոյթները չեն գործեր։ Սա կը նշանակէ, որ գործունէութիւնը պէտք է շարունակել անոնց ապագայ բարելաւման ուղղութեամբ՝ ներառեալ Մարդու իրաւանց խորհուրդի վերանայման գործընթացի շրջանակներէն ներս։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2021