ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻ ԱԿՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յետպատերազմեան իրավիճակով պայմանաւորուած աղիտալի ու տագնապալի պայմաններուն ներքեւ Հայասատանի մէջ ներքին քաղաքական պայքարը կը շարունակուի։ Ընդդիմութեան շարքերը կ՚ամրապնդուին՝ մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը հետզհետէ աւելի համատարած բնոյթ մը կը ստանայ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի նախաձեռնութիւնները ստեղծուած իրավիճակին մէջ հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ կը պահեն Փաշինեանի հրաժարականի հարցը։ Իշխանութեան բողոքի ցոյցերուն բերուած մասնակցութիւնն ալ հետզհետէ կ՚աւելնայ, ինչ որ հերթական ապացոյցը կը հանդիսանայ Նիկոլ Փաշինեանի ժողովրդականութեան կրած անկումին տեսակէտէ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը շաբաթավերջի մեծ հանրահաւաքէն վերջ արդէն սկսած է քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումներ կազմակերպել։ Միացեալ ընդդիմութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւանի մէջ կազմակերպեց բողոքի երթ մը, որու մասնակիցներու թիւը եւս հասաւ անանտեսելի համեմատութեան։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչներ հանդէս եկան ցուցարարներու դէմ ուժի կիրառման հաւանականութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններով։ Այս սպառնական ակնարկութիւնները խոր մտահոգութեան պատճառ դարձան՝ մանաւանդ, որ առկայ բեւեռացման մթնոլորտին մէջ ամիսներէ ի վեր աչալուրջ շրջանակները միշտ կը զգուշացնեն երկիրը յաւելեալ ցնցումներէ, քաղաքացիական պատերազմի վարկածներէ խնայելու ուղղութեամբ։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժման» կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած զուգահեռ բողոքի երթերու ժամանակ ամփոփ յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Մամլոյ սպասաւորներու հետ զրուցելու ժամանակ ան ըսաւ. «Այն ինչ, որ կատարուեցաւ՝ սարսափելի էր։ Այն ինչ, որ այս իշխանութիւններու օրով մեզի կը սպասէ՝ աւելի սարսափելի պիտի ըլլայ»։ Վազգէն Մանուկեան նշեց, որ սա քաղաքական պայքար մը չէ, որովհետեւ իրենք կ՚ուզեն փրկել հայ ազգն ու պետութիւնը։ Ըստ իրեն, Հայաստանէ ներս Սահմանադրութիւնը չի բանիր ներկայ իշխանութիւններու պատճառով, որովհետեւ անոնք ամէն օր կը խախտեն Սահմանադրութիւնը։

Հայաստանի ոստիկանութիւնը շաբաթավերջի մեծ հանրահաւաքին ժամանակ Վազգէն Մանուկեանի ունեցած ելոյթին պատճառով քրէական գործ յարուցած է։

Միացեալ ընդդիմութիւնը նախատեսած է այսօր ալ Երեւանի մէջ շարունակել բողոքի ցոյցերն ու քաղաքացիական անհնազանդութիւնները։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2021