ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Վրաստանի մէջ ձեւաւորուեցաւ նոր կառավարութիւն մը, որու գլուխը կը գտնուի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի։ Երկրին մէջ մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքի հիման վրայ կազմուած կառավարութիւնը չկրցաւ գոյատեւել։ Ուստի, Թիֆլիզի մէջ նոր ղեկավարութեան մը ձեւաւորումը դարձաւ անհրաժեշտ։ Երէկ, Վրաստանի խորհրդարանը վստահութեան քուէ տուաւ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան։ 89 երեսփոխան կողմ քուէարկեց նոր դահլիճին, իսկ երկուքը՝ դէմ։ Այսպէսով Իրակլի Ղարիպաշվիլի վարչապետի պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Կիորկի Կախարիային, որ հրաժարական տուած էր փետրուարի 18-ին։ «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը Կախարիայի հրաժարականէն վերջ առաջադրած էր Ղարիպաշվիլիի թեկնածութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Ղարիպաշվիլի նախապէս պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէր։ 

Վրաստանի նոր կառավարութիւնը ծրագիր մը մշակած է 2021-2024 թուականներուն համար։ Այդ փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ երկիրը կը շարունակէ համարկումը միջազգային փոխադրութեան համակարգէն ներս եւ կը խորացնէ տարածքաշրջանային համագործակցութիւնը տարանցիկ միջանցքի մրցունակութիւնը բարձրացնելու նպատակով։ Վրացական կողմը կը ծրագրէ գործընկեր երկիրներու հետ աշխատիլ՝ տարանցիկ միջանցքի թուային ապահովման ուղղութեամբ։ Սա պիտի բարձրացնէ Վրաստանի տարածքով բեռնափոխադրումներու արդիւնաւէտութիւնն ու կայունութիւնը։

Նոյն ամբողջին մէջ մատնանշուած է, որ Վրաստան պիտի շարունակէ զարգացնել Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին։ Սա զգալիօրէն կը կրճատէ Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ բեռնափոխադրութեան համար անհրաժեշտ ժամանակը։ Միեւնոյն ժամանակ, Վրաստան այսպէսով հնարաւորութիւն կ՚ունենայ յաւելեալ ապրանքներ գրաւելու տարանցիկ փոխադրութեան համար։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2021