ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Բացի խորհուրդի բուն անդամներէն, նիստին մասնակցեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Ալէն Սիմոնեան եւ Ազգային ժողովի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ միջազգային ասպարէզի գործընթացներու վերաբերեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022