ՊԱՅՏԸՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՔԱՅԼԵՐԸ Կ՚ՈՐԱԿԷ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՄԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
Ուքրայնայի տագնապով պայմանաւորուած մտահոգութիւնը հետզհետէ կը խորանայ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Ռուսաստանի կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւններու ճանաչումը տակն ու վրայ ըրած է աշխարհը։ Ռուսաստանի բանակը արդէն այդ միաւորներէն ներս՝ Տոնպասի մէջ կուտակումներ կը կատարէ, մեծ թիւով հրասայլերով հանդերձ։ Տոնպասի ռուսամէտ անջատողականները կը յաւակնին նաեւ տարածքներու, որոնք ներկայիս Ուքրայնայի վերահսկողութեան տակ կը գտնուին։ Ռուսական հրասայլերը առայժմ կը մնան այն սահմաններուն մէջ, որոնք Տոնպասի անջատողականներու վերահսկողութեան տակ էին։ Այժմ հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ ռուսական հրասայլերը կրնան յառաջանալ դէպի Տոնպասի այն հատուածները, որոնք Ուքրայնայի բանակի վերահսկողութեան տակ են։
Ստեղծուած լարուած մթնոլորտին մէջ արեւմտեան պլոքի երկիրները իրերայաջորդ պատժամիջոցներ սահմանել սկսած են Ռուսաստանի դէմ։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Ռուսաստանի քայլերը կը համարուին Ուքրայնայի բռնագրաւման սկիզբը։
Առկայ ծանր իրավիճակին մէջ Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի դիւանագիտական երկխօսութիւնն ալ լուրջ հարուածի ենթարկուի։ Երէկ տեղեկացուեցաւ, որ արդէն ջնջուած են Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի շաբաթավերջին նախատեսուած հանդիպումները՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ յայտարարած էր, որ Մինսքի համաձայնութիւնները այլեւս գոյութիւն չունին։