«ՊԱՔՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԱԾ Է ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԵՏ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆՕՐԷՆ ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հետ միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւն հաստատէ։ Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթավերջին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակներէն ներս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցած էին։ Ըստ Արարատ Միրզոյեանի երէկուան յայտարարութիւններուն, Միւնիխի այդ բանակցութիւններուն ժամանակ Պաքու վերահաստատած է Ստեփանակերտի հետ միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւն հաստատելու ուղղեալ իր պատրաստակամութիւնը։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործոց նախարար Ժան Ասելպոռնը։ Այս վերջնոյն հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Արարատ Միրզոյեան մանրամասնութիւններ հաղորդեց Միւնիխի եռակողմանի հանդիպման կապակցութեամբ։ Ան ըսաւ. «Ի սկզբանէ, երբ նախաձեռնութիւն կար խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ քննարկումներու Ատրպէյճանի հետ, եղած է ընկալում եւ պայմանաւորուածութիւն՝ այդ բանակցութիւնները վարել երկու հիմնական ուղղութիւններով։ Անոնցմէ մին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հաստատման, կարգաւորման, կարճ խօսքով՝ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ պիտի ըլլար։ Իսկ միւսը՝ ձեւաչափ, հարթակ, ուր պէտք է քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ «Եւ տեւական ժամանակէ ի վեր մենք կը տեսնենք, որ Ատրպէյճան կը խուսանաւէ այդ խօսակցութեան մէջ ներգրաւուելէ։ Եւ Միւնիխի մէջ, ի դէպ ո՛չ միայն ասուլիսի քննարկման, այլեւ Պլինքըն-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման ընթացքին մենք ստացանք Ատրպէյճանի կողմէ պատրաստակամութիւն, հաւաստիացում, թէ միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւնը Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ պէտք է տեղի ունենայ»։ Միեւնոյն ժամանակ, նախարարը յիշեցուց, որ հայկական կողմը վերջին տարիներուն շարունակաբար ականատես եղած է, որ կը գոյանան պայմանաւորուածութիւններ, կը տրուին հաւաստիացումներ կամ խոստումներ, յետոյ այդ դիրքորոշումներէն նահանջ տեղի կ՚ունենայ՝ ընդհուպ մինչեւ ստորագրուած եւ հրապարակուած պայմանաւորուածութիւններէն։ Միրզոյեան յոյս յայտնեց, թէ այս անգամ այդպէս չ՚ըլլար եւ Ատրպէյճանի կողմէ չ՚ըլլար նոյն վարքագիծը, այսինքն՝ նախ եւ առաջ բարձրաձայնուած պարտականութիւններէն։
Ի լրումն այս բոլորին, երէկուան մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ կարգաւորումները բանակցուած եւ ստորագրուած են արդէն, հետեւաբար անընդունելի է ուժի գործադրութեամբ վերաբանակցումը։
ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՏԱՎՃԻՌ
Միւս կողմէ, Արդարադատութեան միջազգային ատեանը երէկ դատավճիռ մը արձակեց՝ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ ժամանակաւոր միջոց կիրառելու ուղղեալ Հայաստանի պահանջին կապակցութեամբ։ Այսպէսով, ՄԱԿ-ի այս դատարանը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ Ատրպէյճան պարտաւոր է իր՝ պայմանագրով ստանձնուած պարտաւորութիւններուն հիման վրայ ձեռնարկել իրմէ կախեալ բոլոր միջոցներուն, որպէսզի ապահովուի անձերու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութեամբ։
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը, որ կը գտնուի Լահէյի մէջ, միեւնոյն ժամանակ, մերժած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ կատարուած դիմումը։