ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագէտ ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը այցելեցին Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ հիւպատոս Դաւիթ Ալավերտեան։ Ներկայ էին նաեւ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեան եւ նախկին հիւպատոս Նարեկ Ղազարեան։

Պատրիարքարանի մէջ այս առթիւ տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց մը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ սաղիմահայութեան դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Սուրբ Աթոռի կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024