ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա կը ջա­նայ խա­փա­նա­րա­րել Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մը ո՛չ սկսած է, ո՛չ ալ վեր­ջա­ցած Ապ­րի­լի 24-ին։ Հե­տե­ւա­բար, այդ թուա­կա­նի նա­խընտ­րու­թիւ­նով Թուր­քիա կը ջա­նայ խո­չըն­դո­տել ի­րենց ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ինչ որ վի­րա­ւո­րա­կան քայլ մըն է հայ ժո­ղո­վուր­դին տե­սա­կէ­տէ։

«France 24»  հե­ռուս­տա­կա­յա­նը շա­բա­թա­վեր­ջին սփռեց Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ կա-­տա­րուած բա­ցա­ռիկ հար­ցազրոյց մը։ Ան այս հար­ցազ­րոյ­ցը տուած էր Պրիւք­սէ­լի մէջ, ուր այ­ցե­լեց քա­նի մը օր ա­ռաջ։ Թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրատուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ եւս ար­ձա­գանգ գտած է Սերժ Սարգ­սեա­նի այս հար­ցազ­րոյ­ցը, ո­րուն շրջագ­ծով ար­տա­յայ­տուած են Ե­րե­ւա­նի քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը։

«Մեր նպա­տակն էր հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կը ո­գե­կո­չել թուրք ժո­ղո­վուր­դին հետ միա­սին։ Սա էր Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան հրա­ւի­րե­լու պատ­ճա­ռը։ Դժբախ­տա­բար, մենք կրկին ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լանք ժխտո­ղա­կա­նու­թեան», ը­սաւ Սարգ­սեան։

Սերժ Սարգ­սեա­նի այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը թրքա­կան մա­մու­լէն կարգ մը թեր­թե­րուն կող­մէ կը մա­տու­ցուին Ան­գա­րա­յի կող­մէ ձեռ­նար­կուած պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ։ «Ճում­հու­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ Ապ­րի­լի 24-ի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար ուղ­ղուած հրա­ւէր­նե­րուն թի­ւը կրճա­տուած է։ Ըստ Տույ­կու Կիւ­վէն­չի ստո­րագ­րու­թեամբ լոյս տե­սած լրա­տուու­թեան, հրա­ւի­րեալ ղե­կա­վար­նե­րուն թի­ւը 102-է ի­ջած է 77-ի։ Նոյն աղ­բիւ­րը կ՚անդ­րա­դառ­նայ նաեւ ու­շագ­րաւ նո­րու­թեան մը, ըստ ո­րու Ապ­րի­լի 24-ի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար Թուր­քիա պի­տի այ­ցե­լէ Անգ­լիա­յէն Իշ­խան Չարլզ, ո­րու հետ պի­տի ըլ­լայ նաեւ իր որ­դին՝ ար­քա­յազն Հա­րի։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­ւե­լի ա­ռաջ յայ­տա­րա­րուած էր, թէ Ապ­րի­լի 24-ին Ե­րե­ւա­նի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին։ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Օ­լան­տին պի­տի ու­ղեկ­ցի բազ­ման­դամ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը, ո­րու ան­դամ­նե­րուն թի­ւը պի­տի հաս­նի 150-ի։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2015