ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Մարսէյլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ 2015-ի տարելիցին ձօնուած ցուցահանդէս մը։ Հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն ծիրէն ներս կազմակերպուած ցուցահանդէսին հովանաւորներն են Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Մարսէյլի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշ։ Կազմակերպիչներն են Մարսէյլի քաղաքապետութիւնը, տեղւոյն Պատմութեան թանգարանը եւ ARAM հայկական ընկերակցութիւնը։ Հարիւր մեծադիր դիմանկարներու մատուցմամբ՝ ցուցահանդէսի այցելուներուն կը բացատրուի տարելիցին խորհուրդը։ Ձեռնարկի բացման ներկայ գտնուեցան Մարսէյլի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտէն, քաղաքապետարանէն պաշտօնատարներ, քաղաքական գործիչներ եւ ֆրանսահայ դէմքեր։