ՈՉ ԵՒՍ Է ԿԱՐԷՆ ՋԱՆԻԲԷԿԵԱՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է դերասան Կարէն Ջանիբէկեան: Ան շուրջ տարիէ մը ի վեր հիւանդ էր:
Կարէն Ջանիբէկեան ծնած է 1937 թուականին, Երեւանի մէջ: 1966 թուականին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը: 1966-1967 թուականներուն աշխատած է Թիֆլիզի հայկական տրամաթիքական թատրոնին մէջ, 1967-69 թուականներուն՝ Երեւանի «Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:
Կարէն Ջանիբէկեան դերեր ստանձնած է աւելի քան յիսուն ժապաւէններու մէջ. ինչպէս՝ «Յատուկ յանձնարարութիւն»ը, «Սովի ժամանակներից», «Չախ-չախ թա-գաւորը», «Մորգանի խնամին», «Քաոս», «Աշնան արեւ», «Արեւիկ», «Խոշոր շահում», «Մեզանից երեքը», «Դէմքով պատին», «Արիւն», «Ընկեր Փանջունի», «Լաբիւրինթոս», «Երեւան ջան», «Արահետ», «Անառակ որդու վերադարձը» եւայլն: 1970-ականներուն բազմաթիւ դերերով հանդէս եկած է հեռատեսիլէն սփռուած թատերական ծրագրերու մէջ: Կարէն Ջանիբէկեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, պատուագրերու, պետական կոչումներու, ի շարս որոնց՝ «Մովսէս Խորենացի» մետայլին: 2004 թուականին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր, 2010 թուականին՝ Ժողովրդական արտիստի կոչումներուն: