ՔՈՒԷՅԹԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Քուէյ­թի Վար­չա­պետ Շէյխ Ճա­պէր Էլ Մու­պա­րէք Էլ Հա­միտ Էլ Սա­պահ կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Ե­րե­ւան։ Ան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Քուէյ­թի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ֆա­տէյ Չար­չօղ­լեա­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, դես­պա­նը փո­խան­ցեց Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի այ­ցե­լու­թեան հրա­ւէ­րը։ Իր հեր­թին, Քուէյ­թի վար­չա­պե­տը յայտ­նեց, որ յա­ռա­ջի­կա­յին ան­պայ­ման Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն ու­նի։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ներ­կայ ամ­սուան ա­ռա­ջին կէ­սին այ­ցե­լու­թիւն մը տուած էր Քուէյթ, ուր ունեցած էր բարձր մակարդակի շփումներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2015