ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պետական բարձր պարգեւներ յանձնեց «Փիւնիկ» մարդկային միջոցներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի գործադիր մարմնի եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, նաեւ շարք մը անհատ բարերարներու։ Նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահը մեծարեալներուն համար պարգեւներ նախատեսած էր՝ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ իրենց ունեցած նշանակալի աւանդին, ինչպէս նաեւ բարեգործական աշխոյժ գործունէութեան համար։
Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին շնորհաւորեց պարգեւատրեալները։