ԾԻԾԱՂԻ՞Լ ԹԷ ՈՂԲԱԼ, ԿԱՄ՝ ԴԵՌ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՆԻՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԵՐԹՕՆԸ
Հայ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմէն ներս Նիսի տագնապը կը շարունակուի։ Թէեւ Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի վերջին ջանքերուն շնորհիւ կան յոյսի նշոյլներ, սակայն գործնական արդիւնքը կը բացակայի։ Առկայ վիճակին մէջ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի սիւնակներուն յայտնուեցաւ Նիսէն Նուպար Սերովբեանի յօդուածը, զոր կ՚արտատպենք յապաւումներով։
Երկար ժամանակ համբերութեամբ սպասելէ յետոյ, որոշեցի փորձել իմ համեստ գրիչովս կրկին տեղեակ պահել Ֆրանսայի եկեղեցասէր մեր հանրութիւնը, մեր քաղաքի տագնապներով լի գաղութին եւ մեր «որբ» եկեղեցւոյ շուրջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն մասին:
(…)
Ամիսներ առաջ անգամ մը կարդացինք (…) քանի մը տող, ուր կ՚ըսուէր, որ Ֆրանսայի նոր Առաջնորդը եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետը հաշտութեան փորձեր կ՚ընեն Նիսի «երկու ծուխերուն» միջեւ: Կը կարծեմ, թէ օգտակար է կրկին յիշեցնել, քանի որ շատ քիչերը գիտեն, թէ մենք սա պահուս Նիսի մէջ ունինք երկու աղօթավայր, աւելի ճիշդը՝ ըստ Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմնին՝ հայկական կրօնական զոյգ միութիւններ, որոնցմէ միայն մէկ հատը կը համապատասխանէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ «ծուխ» հասկացողութեան:
Ամփոփելով կրնանք ըսել, թէ 2009-ին եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած վէճերէն յետոյ կայացած կրօնական միութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռին եւ նաեւ մաս կը կազմէ Ֆրանսայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմին, Ֆրանսայի տարածքին նոյն կանոնադրութեամբ գործող միւս քսան քոյր եկեղեցիներուն նման: Հինգ տարիէ ի վեր այս ծուխին հոգեւոր հովիւն է Հայր Գրիգոր Խաչատրեան, որ կ՚ապրի շատ դժուար պայմաններու մէջ, բայց ան կը պատարագէ ամէն Կիրակի անխտիր, շուրջ 60 կամ 70 հաւատացեալներով, կանոնաւոր ու ճոխ դպրաց դասով, Սէն Ֆիլիփ եկեղեցւոյ մէջ, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ տրամադրուած է հայկական ծուխին: Տօնական առիթներով՝ հաւատացեալներու թիւը կը քառապատկուի: Հայր Գրիգոր կը հոգայ եւ կը կատարէ ծուխի անդամներուն կամ առհասարակ շրջանի բոլոր ցանկացող հայ հաւատացեալներուն կրօնական ծէսերը:
Մինչ, Boulevard de la Madeleine-ի վրայ գտնուող պատմական եկեղեցւոյ շէնքը կը պատկանի ուրիշ մէկ կրօնական միութեան, որ կը շարունակէ մաս կազմել մեր քաղաքին մէջ քառորդ դարէ ի վեր իշխող հայկական ինքնակոչ համակարգին:
Փորձենք հիմա նկարագրել այս հաւաքատեղին եւ միջավայրը: Նախ ըսենք, որ եթէ Սէն Ֆիլիփ եկեղեցւոյ ծուխը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Էջմիածնի կարգին մաս կը կազմէ, Boulevard de la Madeleine-ի Ս. Աստուածածին եկեղեցին ոչ մէկ եկեղեցական կարգի կը պատկանի այլեւս, եւ այդ ալ՝ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր: Այս եկեղեցւոյ վարչութիւնը կը հպատակի միայն Նիսի տեղւոյն ինքնիշխան համակարգին: Ա՛յն, որու անդամները դրժեցին այն բոլոր խոստումները, զորս ըրած էին Ֆրանսայի թեմի նորանշանակ առաջնորդին, որ պահ մը հաւատաց երկխօսութեան եւ հայ կարգերուն վերադառնալու անոնց խոստումներուն անկեղծութեան: Սրբազան Հայրը հաւատաց, որ բարի կամեցողութեամբ եւ քրիստոնէական եղբայրական ջանքերով բուժում մը պիտի գտնէ Նիսի քաղցկեղին, ինչպէս ժամանակին փորձած էր իր նախորդը՝ թեմիս հիմնադիր առաջնորդն ալ:
Բայց կրկին ապարդի՛ւն:
Ան առաջինը չէր խաբուողներուն, քանի որ իր նախորդներն ալ, ինչպէս նաեւ բարի կամքի տէր շատեր եւս փորձած էին եւ ձախողած՝ հարցին անտեղեակ ըլլալով եւ չտիրապետելով Նիսի թնճուկին, նաեւ ծանօթ չըլլալով վերոնշեալ համակարգին իսկական դերակատարներուն, ինչպէս նաեւ իրենց բուն նպատակներուն:
Կ՚երեւի, թէ այդ համակարգը Առաջնորդարանին եւ Մայր Աթոռին վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով՝ առաջին օրէն սկսած, գրեթէ հինգ տարիէ ի վեր «Ս. Պատարագ» մատուցանելու համար կը կանչէ մոսկուաբնակ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռին կողմէ կարգալոյծ հռչակուած հոգեւորականներ: Որպէսզի, եթէ ոչ ամէն Կիրակի, գոնէ տօներու եւ տաղաւարներու առիթներով «Ս. Պատարագ» մատուցուի ինքնագլուխ սարկաւագներով, Պարսամեան վարժարանի աշակերտներով (իրենց ուսուցիչներուն ուղեկցութեամբ):
Մինչ Ֆրանսայի Իրաւարար ատեանին որոշումով Նիսի համակարգի եկեղեցին կորսնցուցած է առաքելական անուանակոչումը, անոնք փորձեցին եւ դեռ ալ կը շարունակեն փորձել բարերար Չամքերթէնի նուիրատուութեամբ՝ միմիայն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսին համար կառուցուած այդ եկեղեցին սա «պատարագ կոչուած բեմադրութեամբ» վերակենդանացնել:
Աւելի՛ն, Ֆրանսական դատարանին կողմէ կայացուած որոշումին համաձայն տուգանք չվճարելու համար, անոնք նաեւ հրաժարեցան իրենց «առաքելական» կոչումէն եւ դարձան «église arménienne Sainte Marie - association 1901» կրօնական պարզ միութիւն մը: Հոս կ՚ուզենք զգուշացնել, սկսեալ՝ Ֆրանսայի ժողովուրդէն, Առաջնորդարանէն մինչեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռը, հետեւեալ իսկական վտանգին՝ իրենց վերջին ժողովին կայացուած որոշումին մասին (քանի որ որեւէ օրինական եւ իրաւական կապ չկայ այս միութեան եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ): Ուրեմն, այսուհետեւ, անոնք այս միութեան սեփականութիւնը հանդիսացող սոյն եկեղեցւոյ շէնքը, ինչպէս նաեւ իրեն կից Պարսամեան վարժարանի շէնքը, որուն հողատարածքը կը պատկանի եկեղեցւոյ, կրնան պարզապէս վարձել կամ նոյնիսկ ծախու հանել, քանի որ այլեւս ո՛չ թեմին եւ ոչ ալ Նիսի հայ գաղութին (բացի համակարգին համախոհ քանի մը ընտանիքներէ) հաշիւ տալու ստիպողութիւն օրինապէս չունին:
Արդէն հինգ տարիէ ի վեր բոլորովին ինքնագլուխ դարձած այս համակարգին վարմունքը չափ եւ սահման չունի: Մէկ կողմէն Մոսկուայէն եկած փիլոնազուրկ «եպիսկոպոս»ներով եւ ինքնագլուխ սարկաւագներով կը շարունակուի բեմադրութիւնը Նիսի համակարգի համախոհներուն առջեւ, որոնք վստահաբար անգիտակից անձեր են: Միւս կողմէ ալ կը պատահին այնպիսի բաներ, որոնք աներեւակայելի պիտի թուին նիսեցի չեղողներուն: Օրինակ, կան մարդիկ, որոնք գիտակից են Ս. Հաղորդութեան իմաստին, բայց չեն ուզեր «գէշ մարդ» ըլլալ համակարգի իրենց բարեկամներուն հետ: Հետեւաբար, նախ ներկայ կ՚ըլլան Մատլէնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բեմադրութեան եւ յետոյ վազելով կը փութան Սէն Ֆիլիփ եկեղեցի, որպէսզի ստանան Հայր Գրիգորի ձեռքէն իսկական Հաղորդութիւն:
Իսկ հետեւեալ պատահարը աննախադէպ է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Ողբացեալի մը քոյրը կը փափաքի յուղարկաւորութեան արարողութիւն անոր հրկիզումէն առաջ: Բայց սգաւորը ունի ուրիշ խնդիր մըն ալ. հանգուցեալը չէ մկրտուած: Ս. Աստուածածնի այլեւս ո՛չ հայ առաքելական, ո՛չ կաթողիկէ եւ ոչ աւետարանական, այլ պարզապէս՝ հայկական եկեղեցւոյ համար հարցը պարզ է: Եւ ուրեմն քանի որ կարգալոյծ «եպիսկոպոս»ն ալ Նիսէն բացակայ է, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ինքնագլուխ սարկաւագը կը հասնի հիւանդանոցի «անաստուած»ին, նախ կը «մկրտէ» դիակը եւ մռմռալով՝ կարճ աղօթքով մը կը պարգեւէ ուրախութիւն եւ սփոփանք՝ ներկայ հարազատներուն:
Այո սիրելիներ, ասոնք են մեր Նիսի կրօնական աշխարհի վերջին նորութիւնները: Այլեւս ձեզի կը մնայ անուանել՝ ինչպէս որ կ՚ուզէք, մեր քաղաքի ողբերգա-զաւեշտալի իրադարձութիւնները:
(…)
Ես չգտայ. դո՛ւք փորձեցէք գտնել պատասխանը: