ԿԼՈՊԱԼ ՄԵԾ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ
Երէկ առաւօտ Պրիւքսէլի մէջ պատահած երեք սաստիկ իրերայաջորդ պայթումները յեղաշրջեցին միջազգային օրակարգը։ Երկուքը քաղաքի օդակայանին, իսկ մին՝ մեթրոյին մէջ պատահած այս ահաբեկչական պայթումներուն հետեւանքով զոհուեցաւ 34 հոգի։ 187 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ դէպքերուն հետեւանքով։
Պրքիւսէլի այս ցնցիչ իրադարձութիւնները եկան հերթական անգամ ապացուցանել, թէ ահաբեկչութիւնը վերածուած է կլոպալ սպառնալիքի մը եւ համաշխարհային հարթութեան վրայ պէտք է համախումբ եւ ազդու պայքար մը մղել անոր դէմ։ Եւրոմիութեան սրտին վրայ պատահած այս դէպքին առընչութեամբ կան բազմաթիւ վարկածներ։ Յամենայնդէպս, մեկնաբանութիւններու շարքին առաջնահերթութիւն կ՚ընծայուի վրիժառութեան հաւանականութեան։ Արդարեւ, անցեալ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ ձերբակալուած էր «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումէն Սալահ Ապտիւսսելամ, որ անցեալ Նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան հեղինակներէն մին էր։
Առկայ ծանր պահուն համայն աշխարհ կը զօրակցի Պելժիոյ ղեկավարութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ կապ հաստետեց Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորին հետ ու տեղեկացուց, թէ խստիւ կը պախարակէ յարձակումները։ Ան շեշտեց նաեւ, թէ Թուրքիա ամբողջական զօրակցութեան մէջ է Պելժիոյ հետ։
Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ երէկ ցաւակցեցաւ դէպքին կապակցութեամբ։ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան պատգամ մը ուղարկեց Պելժիոյ Վարչապետ Շարլ Միշէլին։ Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ ահաբեկչութեան ամէն դրսեւորում եւ յանձնառու է այդ չարիքին դէմ միջազգային պայքարին իր ներդրումը բերե-լու։ Ան ծանր պահուն ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն յայտնեց բարեկամ Պելժիոյ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ Շարլ Միշէլին ուղարկեց ցաւակցագիր մը։