Երեքշաբթի 3, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ԵՒ ՄԱՐՏԻՆԻ ՄԷՋ ՀԻՆԳ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը Հաքքեարիի եւ Մարտինի մէջ պատճառ դարձաւ անվտանգութեան հինգ պաշտօնեաներու նահատակման։ ՓՔՔ-ի յարձակման հետեւանքով նահատակուեցան՝ Եասին Պորան, Քուպիլայ Էր, Ռաշիտ Աթճը, Ֆարուք Սալկար եւ Մուրատ Եաթարքալքմազ։ Դէպքերուն հետեւանոք քսանմէկ հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։
Միւս կողմէ, զինեալ ուժերը անընդհատ պայքարը կը շարունակեն ՓՔՔ-ի դէմ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ քսաներեք ահաբեկիչ սպաննուած է վերջին օրերուն։
Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016