ՃՈՆ ՔԵՐԻ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Այս առթիւ ան բանակցութիւններ կը վարէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէյկէյ Լաւրովի հետ։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը կը հիւրընկալուի նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան անվտանգութեան խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ուքրայնոյ իրադրութիւնը։ Կողմերը կը շօշափեն նաեւ վերջերս Պրիւքսէլի մէջ պատահած ահաբեկչութիւնը։
Ուաշինկթընի աղբիւրները յայտնեցին, թէ Քերիի այցին ընթացքին չի վճռուիր Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի քաղաքական ապագան։
Սուրիոյ ճգնաժամին գծով ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Սթեֆան տէ Միսթուրա յայտարարեց, որ Մոսկուայի բանակցութիւնները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամին տեսակէտէ։