ՄՂՁԱՒԱՆՋԱՅԻՆ ԴԷՊՔ
Լոնտոնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական դէպք մը, որ ահ ու սարսափ յառաջացուց համայն աշխարհէն ներս։ Անգլիան հերթական անգամ ցնցուեցաւ ահաբեկչական արարքով մը, որ յեղաշըր-ջեց միջազգային օրակարգը։
Երէկ յետմիջօրէին Լոնտոնի Ուէսթմինիսթըրի կամուրջին վրայ ինքնաշարժ մը սկսաւ ընթանալ մայթին վրայ։ Հետիոտնները դարձան անոր թիրախը։ Դէպքը պատահեցաւ Լոնտոնի այն գօտիէն ներս, ուր կը համարուի թէ՛ վարչական կեդրոն եւ թէ զբօսաշրջիկներու խտացման վայրը։ Կամուրջը անցնելէ վերջ այդ ինքնաշարժը Անգլիոյ խորհրդարանի շէնքի ճաղերուն բախուելով կանգ առաւ։ Վարորդը դուրս նետուեցաւ ինքնաշարժէն եւ խորհրդարանի մուտքի հերթապահ ոստիկաններէն մին դաշունահարելով սպաննեց։ Ան փորձեց մուտք գործել խորհրդարանի շէնքէն ներս, սակայն այդ միջոցին իրաւապահ մարմիններուն կողմէ սպաննուեցաւ։ Դէպքի պահուն Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովը նիստի մէջ էր՝ ահաբեկչութեան օրակարգով։ Իրաւապահ մարմինները երկար ժամանակ թոյլ չտուին, որպէսզի երեսփոխանները դուրս գան շէնքէն։ Ներառեալ ահաբեկիչը՝ հինգ հոգի մահացաւ այս դէպքին հետեւանքով։ Վիրաւորեալներուն թիւն ալ կը հասնի քառասունի։
Այս զգայացունց դէպքէն վերջ աշխարհի բոլոր մայրաքաղաքներէն զօրակցութեան պատգամներ հասան դէպի Լոնտոն։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ ցաւակցական մը ուղարկեց Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյին։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիա կը զգայ ու կը բաժնէ Անգլիոյ ցաւը։