ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ
Երէկ, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ համաքրիստոնէական նշանակութեամբ պատմական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, վերանորոգման աշխատանքներէ վերջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը վերաբացուեցաւ Սուրբ Յարութեան տաճարէն ներս՝ Յիսուս Քրիստոսի լոյս գերեզմանը։ Վերջին անգամ 1808 թուականին նորոգուած էր Տիրոջ Սուրբ Գերեզմանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրբ Գերեզմանը քրիստոնէական աշխարհի գլխաւոր սրբավայրերէն մին է։ Խաչելութենէն յետոյ այնտեղ ամփոփուած է Յիսուս Քրիստոսի մարմինը։ Քրիստոսի գերեզմանի, Գողգոթայի խաչելութեան եւ շարք մը այլ սրբավայրերու վրայ 4-րդ դարուն Բիւզանդիոնի Կոստանդինոս Մեծ Կայսրին կողմէ կառուցուեցաւ Սուրբ Յարութեան տաճարը։ Նախորդ տարուան Մայիսին Ս. Գերեզմանի իրաւատէր երեք եկեղեցիներու միասնական որոշումով սկսան անոր վերանորոգման եւ վերականգնման աշխատանքները։ Ծրագրին ներգրաւուած էին նաեւ հայ ճարտարապետներ։
Ինչպէս միւս Սուրբ տեղերը այնպէս ալ Տէր Յիսուսի լոյս գերեզմանը կը տնօրինուի Հայ Առաքելական, Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներուն կողմէ։ Երէկուան արարողութիւններուն անոնց կողմէ մասնակցեցան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Իսթանպուլէն այս առթիւ այցելեց Երուսաղէմ՝ ներկայ գտնուելու այս արարողութեան։ Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարք Թէոֆիլոս Բ.-ն ալ ներկայ էր եւ երկու պատրիարքները շրջապատուած էին բարձրաստիճան յոյն հոգեւորականներու կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ներկայացուցին Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց միաբանութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Հայ Երուսաղէմի Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, որ բացման հանդիսութեան ընթացքին ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, որ օրուան տեւողութեան Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն ներս հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Նուրհան Պատրիարքին հետ։
Կաթոլիկ Եկեղեցին ներկայացուեցաւ գլխաւորութեամբ՝ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան Երուսաղէմի Առաջնորդ Ֆրանչեսքօ Փաթոնի։ Իսրայէլի, Յորդանանի եւ Պաղեստինի ղեկավարութիւններուն կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ ալ մասնակցեցան այս արարողութեան։
Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանի վերանորոգումէն վերջ բացման առթիւ Սուրբ Յարութեան տաճարէն ներս տեղի ունեցած արարողութեան մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Արարողութեան երգեցողութիւնները կատարուեցան հայկական, յունական եւ կաթոլիկ երգչախումբերու կողմէ։ Աւարտին «Հայր մեր»ը երգուեցաւ միասնական ձեւով։
Բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը, որ օրակարգի վրայ բերաւ միջեկեղեցական տեսանկիւնէն կարեւոր առաջարկ մը։ Ան ըսաւ, որ տարին մէկ անգամ, Սուրբ Զատիկէն վերջ Քրիստոսի գերեզմանատան վրայ Սուրբ Պատարագ մատուցելու հնարաւորութիւն ընձեռուի Ղպտի, Ասորի, Եթովպական, Անկլիքան եւ Բողոքական եկեղեցիներուն համար։ Այս առաջարկը կարգավիճակի կոմիտէին կողմէ յառաջիկայ շրջանին պիտի քննարկուի եւ հաւանաբար մասնաւոր համաձայնագրով մը պիտի վաւերացուի։
Քրիստոսի գերեզմանատան վերանորոգման աշխատանքները վստահուած են Աթէնքի Ազգային թեքնիկ համալսարանէն խումբ մը յոյն մասնագէտներու։ Այս խումբը վերանորոգումը աւարտած է Ս. Զատկի նախօրեակին եւ սրբավայրը հիմա դարձեալ տիրացած է վեհաշուք տեսքին։ Մասնագէտները մաքրած են սալաքարերը, մանաւանդ մոմերու մնացորդները հեռացուած են, մաքրուած են նաեւ որմնանկարներն ու առաստաղը։ Աշխատանքներու սկսելէ առաջ մասնագիտական խումբը ահազանգած էր, որ անհրաժեշտ խնամքը չցուցաբերելու պարագային փլուզման վտանգ կրնար սպառնալ լոյս գերեզմանին։
Բարեզարդման աշխատանքներէն վերջ Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարէն ներս երէկ դարձեալ հնչեց հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը։