ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-նախագահ ու վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար, Տուպայիի կառավարիչ Շէյխ Մուհամմէտ Պին Ռաշիտ Էլ Մաքտումի հետ։ Այս առթիւ Սերժ Սարգսեան մատնանշեց, որ խոստմնալից հունով կ՚ընթանան կողմերու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ իրականացուող ձեռնարկները։ Այս ամբողջին մէջ է նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ներս կազմակերպուած՝ Հայաստանի ներդրումային հնարաւորութիւններուն ձօնուած համաժողովը։ Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան զուգընթաց համընդգրկուն համագործակցութեան հաստատման, ներառեալ առեւտրատնտեսական կապերու բնագաւառը։ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ համաշխարհային նշանակութեամբ «Տուպայ Էքսփօ-2020» ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութեան հրաւէրին համար։
Զրոյցի տեւողութեան Սերժ Սարգսեան բացատրեց, որ արաբական աշխարհի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնային ուղղութիւններէն մին է։ Այս առումով Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յարաբերութիւնները ունին մասնաւոր տեղ եւ համագործակցութեան լաւագոյն օրինակներու շարքին կը դասուին։
Երէկ օրուան տեւողութեան Սերժ Սարգսեան ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ներդրումային համաժողովին ընթացքին։ «Հայաստան իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին գտնուած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին, ինչ որ հայ ժողովուրդը երկու աշխարհներուն համար ալ դարձուցած է ընկալելի։ Միեւնոյն ժամանակ, Արեւելքն ու Արեւմուտքը միախառնուած են մեր հողին վրայ՝ արտացոլուելով հայ ժողովուրդի մտածելակերպին եւ կենցաղին մէջ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի արաբ գործարարներ բացայայտնեն Հայաստանը։ Ան մի առ մի թուարկեց համագործակցութեան յարմարութեամբ բնագաւառներն ու անոնց զարգացման հեռանկարները։ Սարգսեան բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Հայաստանի միջազգային առեւտուրին եւ մշակած տնտեսական միջազգային կապերուն շուրջ։