«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՀԱՆՈՑ»

Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Ֆրանսախօսութեան օրերու շրջանակներէն ներս, Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը։ Ֆրանսահայ Ռիշար եւ Քորին Զարզավաթճեաններու կողմէ հեղինակուած եւ անցեալ տարի լոյս տեսած «Հայաստանի խոհանոց» գիրքը ծանօթացուեցաւ այս հաւաքոյթի ընթացքին։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան այս տարի Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովի հիւրընկալ երկիրն է։ Ուստի, գիրքն ալ ծանօթացուած է այս ծիրին մէջ։

Երէկուան շնորհանդէսին ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ յայտնեց, թէ այս գիրքը հայկական ինքնութիւնը աշխարհին ներկայացնելու հիանալի օրինակ մըն է։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Հայ խոհարարական աւանդութիւններու զարգացման ու պահպանման հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան, որ ըսաւ. «Ազգային խոհանոցը մեր դիմագծի, բնաւորութեան հոգեկերտուածքի, մտածողութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի։ Մեր կազմակերպութեան անունով կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հայկական խոհանոցի այս մասնիկը փոխանցած ըլլալու համար»։

Շնորհանդէսի ընթացքին Զարզավաթճեաններն ալ հանդէս եկան սրտի խօսքով։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018