ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՈՅԻ ՎՐԱՍՏԱՆ ԱՅՑԸ

Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ՝ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի հրաւէրով։ Լուքաշենքօ հանդիպումներ ունեցաւ թէ՛ Մարկվելաշվիլիի եւ թէ Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ներկայ վիճակն ու զարգացման հեռանկարները։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ քաղաքական համագործակցութեան շուրջ հարցեր, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով խնդիրներ։

Պաշտօնական այցելութեան զուգահեռ Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Վրաստան-Սպիտակ Ռուսիա գործարար համաժողով մը։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018