ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախագահները համաձայնած են՝ որպէսզի յաղթահարուին այն զգայնութիւնները, որոնք ժխտական ազդեցութիւն կը գործեն Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն վրայ։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն նշեց, որ երկու ղեկավարները վերահաստատած են կարեւորութիւնը՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման։ Անոնք համաձայն գտնուած են նաեւ ռազմավարական հասարակաց փորձութիւններու դիմաց աւելի սերտ համագործակցութիւն ծաւալելու ուղղեալ քայլերու տեւականացման համար։

Էրտողան եւ Թրամփ վերջին անգամ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էին 24 Յունուարին՝ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան սկսելէն չորս օր վերջ։ Անոնց երէկուան հեռախօսազրոյցն ալ զուգադիպեցաւ՝ Թուրք զինեալ ուժերու Աֆրին մուտքին յաջորդած չորրորդ օրուան։ Հաշուի առնելով, որ վերջին օրերուն դարձեալ տարակարծութիւններ եւ լարուածութիւններ խնդրոյ առարկայ դարձած էին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ՝ երէկուան տեսակցութիւնը ունէր նուրբ նշանակութիւն։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնի վրայ զրուցեց՝ երբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս կը տեսակցէր վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ։ Երկու մայրաքաղաքներն ալ զրոյցէն վերջ պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ նախագահները շօշափած են երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային բնոյթով նիւթեր։ Ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիա եւ ԱՄՆ թէ՛ ռազմավարական գործընկերներ են եւ թէ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ։ Ուստի, վերահաստատուած է անոնց միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը։ Նախագահները կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ երկու նախագահները փոխադարձաբար խոստովանած են վերացնել այն գործօնները, որոնք պատճառ կը դառնան մտահոգութեան։

Երէկուան հեռախօսազրոյցէն վերջ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ վերահաստատեց, որ յառաջիկայ օրերուն նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Իւմիտ Եալչըն պիտի այցելէ Ուաշինկթըն։

ԱՖՐԻՆԻ ՄԷՋ ՎԻՃԱԿԸ

Միւս կողմէ, Թուրք զինեալ ուժերը կը տեւականացնեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Բանակը Աֆրինի մէջ ամբողջութեամբ ձեռք անցուցած է հակակշիռը եւ անընդհատ կը կատարուին խուզարկման ու մաքրագործման աշխատանքներ։ Այդ բոլորը կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն, որովհետեւ ահաբեկիչները խոյս տալու ժամանակ լարած են զանազան ծուղակներ։ Երէկուան խուզարկման աշխատանքներուն ժամանակ, ձեռակերտ ռումբի մը պայթելուն հետեւեանքով երեք զինուոր նահատակուեցաւ։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ այս կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ հաղորդեց հանրային կարծիքին։ Ան  ըսաւ. «Գործողութիւնները յաջողութեամբ աւարտեցան։ Մէկ կողմէ շըր-ջանը ահաբեկչութենէ մաքրագործեցինք, հիմա ալ այնտեղ կը ջանանք կեանքը վերադարձնել բնականոն հունին՝ ինչպէս որ ըրած էինք Ճերապլուսի, Էլ-Պապի, Ազեզի եւ Էլ-Ռայիի մէջ»։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018