ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԵՐՈՍԸ

Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբը շնորհաւորեց իր կազմի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը՝ Հայաստանի մէջ տարուան լաւագոյն ֆութպոլէօրի կոչման պարգեւը ստանալու կապակցութեամբ։ Զինագործներու պաշտօնական կայքէջը ընդգծեց, որ Հենրիխ Մխիթարեան արդէն 8-րդ անգամ նուաճած է այդ կոչումը՝ ընդ որում 7-րդ անգամ անընդմէջ։ Լոնտոնեան ակումբը այս առթիւ մէջբերած է նաեւ Հենրիխ Մխիթարեանի խօսքերը, ըստ որոնց ինք ուրախ է ըլլալ մանուկներու հերոսը։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018