ՄԵՆԵՐԳԻՉ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆ ԿԸ ՆՇԷ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեան այս տարի կը նշէ իր երաժշտական գործունէութեան 40-ամեակը։ Յառաջիկայ ամիս ան հանդէս պիտի գայ յոբելենական համերգով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։ Համերգի կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ կը տարուին կարգադիր յանձնախումբի մը կողմէ։

Պարթեւ Կարեան տասնամեակներէ ի վեր մեր համայնքէն ներս եղած է հայկական երաժշտութեան ջահակիրներէն մին։ Երաժշտասէր հասարակութիւնը իր անձին մէջ ոչ միայն կը տեսնէ մենակատար մը, այլ նաեւ կ՚ողջունէ առաքելութիւն մը, որ յառաջ կը տարուի հետեւողականօրէն։ Պարթեւի հիմնական առանձնայատկութիւններէն մին այն է, որ կը յաջողի իր ջանքերով հայկական երաժշտութեան համար տեղ մը ապահովել, պատուհան մը բանալ՝ մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ, զուտ մարդկային շարժառիթներով, համապատասխան զգացումներով։ Ան այս գործը այդքան յաջողութեամբ ըրած է, որ իր համբաւը դուրս եկած է մեր համայնքի սահմաններէն։ Պարթեւ Կարեան այսօր սփիւռքի մէջ ալ հայկական երաժշտութեան համակրելի ու այնքան փնտռուած կատարողներէն մին է։ Ամէն տարի կանոնաւոր պարբերութեամբ համերգներու կը հրաւիրուի արտասահման։ Ցայսօր հանդէս եկած է նաեւ Հայաստանի մէջ։ Ամէնուրեք Պարթեւ Կարեան կը յաջողի գրաւել ունկնդիրներուն սիրտը ու խոր տպաւորութիւն կը գործէ անոնց վրայ։ Այս բոլորի լոյսին տակ Պարթեւ Կարեանի երաժշտական գործունէութեան 40-ամեակը ընթացիկ յոբելեան մը չի համարուիր, այլ թրքահայ իրականութեան տեսակէտէ ունի արտասովոր նշանակութիւն։ Այս յոբելեանը առիթ մըն է վերագնահատելու համար Պարթեւ Կարեանի տեսած մեծ գործը եւ հերթական անգամ զինքը շրջապատելու համար համակրանքով, զօրակցութեան զգացումներով։ Պարթեւ Կարեան ներկայիս եթէ մէկ կողմէ կը բոլորէ իր քառասնամեակը, ապա միւս կողմէ ոտքը կը դնէ նոր շեմէ մը ներս։ Սա իր երաժշտական գործունէութեան ամենահասուն փուլն է եւ ան վստահաբար տակաւին տալիք շատ բան ունի մեր ընկերամշակութային կեանքէն ներս։

Հետեւաբար Պարթեւ Կարեանի յոբելեանը պէտք է դառնայ առիթ մը՝ իր վերալիցքաւորման տեսակէտէ եւ ապագայ յոբելեաններու ճանապարհին զինքը խրախուսելու համար։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018