ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԱՌԱՋԱՐԿ

ՃՀՓ-ական Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ փոքրամասնութիւններու առկայ խնդիրները։ Երեսփոխանը այդ խնդիրներու ստուգման եւ լուծման հեռանկարներու որոնման համար առաջարկեց մասնաւոր յանձնաժողովի մը ստեղծուիլը։ Խորհրդարանի նախագահութեան ան առաջարկ մը ներկայացուց՝ որպէսզի ուսումնասիրութեան յանձնաժողով մը ստեղծուի երկրի փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն համար։ Խորհրդարանի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ընթացքին ան մատնանշեց, որ փոքրամասնութիւններու խնդիրներու լուծման նպատակով նախ եւ առաջ պէտք է յաղթահարուին մտայնութեան պատնէշները։ Իր առաջարկին մէջ ան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները երաշխաւորուած են Լոզանի դաշնագրով։ Այս առումով, ըստ իրեն, երկիրը այնպիսի վիճակի մը հասած է, որ ոտնձգութիւններ կը կատարէ ազգային եւ միջազգային փաստաթուղթերէն բխած պատասխանատուութիւններուն դէմ։ Սելինա Տողանի կողմէ պատրաստուած եւ խորհրդարանի նախագահութեան յղուած առաջարկը ստորագրուած է նաեւ ՃՀՓ-ական 22 երեսփոխանի կողմէ։

Երեսփոխանի գրասենեակը մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցած է առաջարկին մէջ Սելինա Տողանի կողմէ արծարծուած խնդիրներուն շուրջ։ Ընդհանրապէս այնտեղ կան փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր հարցեր։ Այդ ամբողջին մէջ մատնանշուած են թրքահայ համայնքին վերաբերեալ երկու հարցեր։ Անոնցմէ մին է պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը, իսկ միւսը՝ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի շէնքի սեփականութեան իրաւունքի հարցը։

Սելինա Տողան խորհրդարանի ամպիոնէն յիշեցուցած է, որ յաջորդ շաբաթ պիտի տօնուի Սուրբ Զատիկը։

«Թուրքիոյ մէջ՝ որպէս փոքրամասնութիւններ, մենք Զատիկը դարձեալ յուզումով կը դիմաւորենք՝ մեր առկախուած բազում խնդիրներուն բերումով», ըսած է Սելինա Տողան խորհրդարանի ամպիոնէն։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018