UN SPECIAL-Ի ՄԷՋ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին կողմէ հրատարակուող «UN Special» ամսագրի Մարտ ամսուան թիւին մէջ լոյս տեսաւ Շարլ Ազնաւուրի հետ ընդարձակ հարցազրոյց մը։ Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչը այս հարցազրոյցը տուած է՝ որպէս ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ եւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան։ Հարցազրոյցը կը կրէ «Առանձնայատուկ երեկոյթ Վիքթորիա Հոլլի մէջ» (An extraordinary evening at Victoria hall) խորագրով։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի 24 Նոյեմբեր 2017 թուականին Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած մեծ համերգին, որ ձօնուած էր Հայաստան-Զուիցերիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ Հայաստանի ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 25-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն։

ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի անգլիատառ ամսագրին տուած հարցազրոյցին մէջ Շարլ Ազնաւուր անդրադարձ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան կարեւորած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գը-ծին վրայ հետաքննութեան դրութիւններու ձեւաւորումը։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018