ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՎԱՐՍԱՅԱՐԴԱՐԸ՝ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ

Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցաւ արաբական աշխարհի վարսայարդարութեան մրցում մը, որուն ծիրէն ներս լիբանանահայ վարսայարդար Յովսէփ Թըլսըմեան (սալոն ՀՄՄ) արժանացաւ այր մարդու լաւագոյն սափրիչի մրցանակին։ Սոյն լուրը կը հաղորդէ «Արարատ» թերթը՝ նշելով, որ այս մրցումը կը կազմակերպուի չորս տարիէ ի վեր։ Փառատօնին հրաւէրով մրցումին մասնակցեցաւ նաեւ Լիբանանը՝ երկու վարսայարդարով։ Յովսէփ Թըլսըմեան՝ մասնակցողներուն մէջ միակ հայ վարսայարդարը, լիբանանեան դրօշին հետ միասին բարձրացուց նաեւ հայկական Եռագոյնը։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019