ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՈՍՏՈՒՄ

Հայաստանի կառավարութեան եւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որ կը նախատեսէ Երեւանի մէջ նոր ջրաելեկտրակայանի մը կառուցումը՝ 250 մեկավաթ հզօրութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Գարեգին Բաղրամեան, Միջազգային ելմտական քորփորասիոնի (Համաշխարհային դրամատան խումբ) տարածքաշրջանային կառավարիչ Եան Ֆան Պիլսէն, Ասիական զարգացման դրամատան Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Շէյն Ռոզենտալ, «Ռենքօ»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճովաննի Ռուպինի, «Արմփաուըր»ի լիազօր ներկայացուցիչ Սիմոնէ Ճովաննի, «Ամերիա» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Արտակ Հանէսեան, Գերմանական ներդրումային քորփորասիոնի (DEG) Հայաստանի պատասխանատու Փեթեր Կերկեայ եւ «Սիմենս փրոճեքթ»ի գործադիր տնօրէն Քլաուս Քոլոֆ։

Ստորագրման արարողութեան մասնակցեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան նշեց, որ տակաւին անցեալ տարուան նոյեմբերին հասունացման հունի մէջ մտած էր Երեւանի մէջ ժամանակակից ջրաելեկտրակայան մը կառուցելու ծրագիրը։ Ներկայիս արդէն ստորագրուած է պայմանագիրը։ Սա հնարաւորութիւն կու տայ աւարտել ծրագրի ելմտական ամփոփումը եւ յառաջիկային սկսիլ ջրաելեկտրակայանի շինարարական աշխատանքներուն։

250 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ այս ներդրումային ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի 26 ամսուան ընթացքին եւ այլ ջրաելեկտրակայաններու բաղդատմամբ այդտեղ արտադ-րըւելիք ելեկտրական ուժանիւթի արժէքը պիտի ըլլայ ամենացածը։ Շինարարութեան համար շուրջ 1200 հոգի պիտի աշխատի, իսկ շահագործման յանձնուելէ վերջ այդ ջրաելեկտրակայանը 230 հոգիի համար աշխատատեղի պիտի ապահովէ։

Տիգրան Աւինեան նշեց, որ այս ներդրումային ծրագիրը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի ուժանիւթի համակարգին տեսակէտէ, որովհետեւ ոլորտը առաւել կ՚ուժեղանայ տեսակաւորեալ ներդրումներու շնորհիւ, մասնաւոր հատուածի աւելի մեծ մասնակցութեան զուգահեռ։

Ծրագիրը կը նախատեսէ իրագործել արդիական սարքաւորումներու ներդրումով ու գիտական փորձառութեան հիման վրայ։ Այսպէսով Հայաստան պիտի ունենայ բարձր արդիւնաւէտութեամբ եւ անվտանգ ուժանիւթի կայան մը։ Պիտի նուազեցուի նաեւ Հայաստանի Ուժանիւթի համակարգէն ներս բնական կազի ծախսը եւ պիտի բարձրանայ ուժանիւթամատակարարման կայունութիւնը։

Տիգրան Աւինեան ստորագրման արարողութեան ընթացքին ընդգծեց նաեւ, որ այսպիսի ծրագրերու յաջող մեկնարկն ու իրականացումը լրացուցիչ խթան եւ օրինակ պիտի ծառայեն՝ տեղական կամ միջազգային հաւանական ներդրողներու համար։

Բաց աստի, Միջազգային ելմտական քորփորասիոնը (IFC) եւ Բազմակողմանի ներդրումներու երաշխաւորման գործակալութիւնը (MIGA) 202 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ելմտական ծրարի մը նախապատրաստութեան ձեռնարկած են՝ Հայաստանի ջրաուժանիւթի ոլորտի հզօրացման նպատակով։

Արդարեւ, Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի երկու երրորդը կ՚արտադրուի ներածուած վառելիքով։ Ելեկտրական ուժանիւթի ընդհանուր ծաւալներու զգալի մէկ մասն ալ կ՚արտադրուի հնացած, նուազ արդիւնաւէտութեամբ ջրաելեկտրակայաններու միջոցաւ։

Ստորագրման արարողութեան զուգահեռ, Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն մասնակցեցան ստորագրադիր կողմերու ներկայացուցիչները եւ նախարար Գարեգին Բաղրամեան։ Այս առթիւ տեղեկացուեցաւ, որ նոր կառուցուելիք ջրաելեկտրակայանը պիտի գերազանցէ իր հզօրութիւններով Հրազդանի ջրաելեկտրակայանը, որ կը գործէ ներկայիս։ Մինչեւ նորին կառուցումը՝ Հրազդանի ջրաելեկտրակայանը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, իսկ նոր կայանի շահագործումէն սկսեալ դուրս պիտի թողուի համակարգէն։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019