ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԸ ՏԵՍԱԿԱՆԱՑՆԵԼ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։

25-26 մարտին նախատեսուած ԵՄ-ի գագաթաժողովին ընդառաջ Ժոզէֆ Պորել մասնաւոր տեղեկագիր մը պատրաստած է Թուրքիոյ վերաբերեալ։ Այս ծաւալուն տեղեկագիրը խոշորացոյցի տակ կ՚առնէ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները՝ քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական եւ այլ զանազան տեսանկիւններէ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, գերագոյն յանձնակատարը շինիչ առաջարկներ կը ներկայացնէ եւրոպացի ղեկավարներուն՝ խրախուսելով կողմերու միջեւ դրական օրակարգը։

Մինչ այդ, Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ յայտնեց, որ Ժոզէֆ Պորելի հետ աշխատանք պիտի տանին՝ կողմերու միջեւ տեւականացնելու համար դրական օրակարգը։ Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած՝ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն վերջ, Չավուշօղլու եւ Պորել հանդիպում մը ունեցան ընթրիքի սեղանի շուրջ։ Նախարարը նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Մաքսային միութեան այժմէականացման, վիզաներու ազատականացման, անկանոն գաղթի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ անհրաժեշտ է ամրապնդել համագործակցութիւնը։ Չավուշօղլու եւ Պորել անդրադարձած են նաեւ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով Սուրիոյ, Աֆղանիստանի եւ Լիպիոյ խնդիրներուն վրայ։

ԵՄ-ի գագաթաժողովին ընդառաջ Ժոզէֆ Պորել նշած էր, որ եւրոպական կողմը կը ձգտի ամենալաւ յարաբերութիւնները զարգացնել Թուրքիոյ հետ՝ որպէս անդամակցութեան թեկնածու եւ հարեւան երկիր։ Եւրոպական կողմը կը ջանայ այս նպատակին հասնիլ՝ պաշտպանելով շահերը Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021