ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Human Rights Watch (HRW) իրաւապաշտպան հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներու խոշտանգումը կը համարուի պատերազմական յանցագործութիւն։ Կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժնի տնօրէն Հիւ Ուիլիըմսըն բաւական սուր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ հայ ռազմագերիներու հարցին շուրջ՝ ընդգծելով անոնց դէմ ցուցաբերուած դաժան վերաբերմունքը։ Ըստ իրեն, խոր անհանգստութիւն կը յառաջացնէ այն փաստը, որ կորսուած շարք մը հայ զինուորներ վերջին անգամ Ատրպէյճանէ ներս բանտի մէջ տեսնուած են, բայց իրենց մասին որեւէ հաշուետուութիւն ստանալը ձախողած է։

Զեկոյցին մէջ վկայակոչուած են ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած բազմաթիւ տեսանիւթեր, որոնք կը ցոլացնեն սպաներու ակնյայտօրէն վատ վերաբերմունքը։ Իրաւապաշտպաններու խումբը ուսումնասիրած է աւելի քան երկու տասնեակ տեսանիւթ, զրուցած է վերադարձած ռազմագերիներու, ինչպէս նաեւ տեսանիւթի մէջ երեւցած զինուորականներու ընտանիքներու անդամներուն հետ։ Բայց եւ այնպէս, Ատրպէյճան ցարդ զանոնք չէ վերադարձուցած։

HRW զրուցած է չորս նախկին ռազմագերիներու հետ։ Անոնք պատմած են, որ Ատրպէյճանէ ներս բանտի մէջ ինչպիսի վերաբերմունք մը տեսած են։ Բացի ֆիզիքական տանջանքներէ, ըստ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան, անոնք պահուած են արժանապատուութեան տեսակէտէ նսեմացուցիչ պայմաններու ներքեւ։ Կալանաւորման առաջին օրերուն իրենց շատ քիչ ջուր տրուած է, իսկ ուտելիք գրեթէ չէ տրուած։

Կեդրոնատեղին Նիւ Եորքի մէջ տեղակայուած այս իրաւապաշտպան հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է հետաքննել հայ ռազմագերիներու դէմ վատ վերաբերմունքի բոլոր պնդումները եւ մեղաւորները ենթարկել պատասխանատուութեան։ Մտահոգութիւն յայտնելով, որ Ատրպէյճանի մէջ տակաւին գերի պահուածները կը գտնուին ապագայ բռնութիւններու ռիսքի տակ, HRW Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ապահովել անոնց լիակատար պաշտպանութիւնը մարդու իրաւանց միջազգային չափանիշներուն եւ մարդասիրական օրէնքներու համապատասխան՝ բացառելով վատ վերաբերմունքն ու խոշտանգումները։ Կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ բոլոր ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւն տրամադրէ բոլոր անոնց մասին, որոնք վերջին անգամ տեսնուած են իր երկրի բանտին մէջ։

HRW-ի այս զեկոյցին կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան՝ յայտնելով, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները։ Ըստ բանբերին, HRW փաստագրած է հայ ռազմագերիներու դէմ իրականացուած լայնածաւալ պատերազմական յանցագործութիւնները։ Միջազգային կազ-մակերպութեան հրապարակած զեկոյցի տուեալներու լոյսին տակ՝ Աննա Նաղդալեան մատնանշած է, որ հրադադարի հաստատումէն չորս ամիս անց հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական պատանդները տակաւին կը շարունակեն գերութեան մէջ մնալ եւ սա ակնյայտօրէն ի ցոյց կը դնէ, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել միջազգային մարդասիրական իրաւունքը։ Բանբերը ընդգծեց, որ այս բոլորի մէջ խնդրայարոյց վերաբերմունքը ունի համակարգուած բնոյթ եւ այս բոլորը հաւասարազօր են մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու։

ԵՐԵՒԱՆ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան տեսակապով զրուցեց ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց գերագոյն յանձնակատար Միշել Պաչելեթի հետ։ Այս առթիւ նախարարը հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ գերիներու վերադարձի հարցը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին եւ ծագած հրատապ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն։ Զրուցակիցները մտահոգութիւն յայտնեցին մարդասիրական աջակցութեան տրամադրման գործընթացի քաղաքականացման եւ այդ ամբողջէն ներս արհեստական խոչընդոտներու ստեղծման առընչութեամբ։ Ըստ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներուն, ընդգծուեցաւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու տեւական խախտումները բացառելու անհրաժեշտութիւնը։

Արա Այվազեան դատապարտելի համարեց Ատրպէյճանի կողմէ մարդասիրական պարտաւորութիւններու եւ յանձնառութիւններու դիտաւորեալ խախտումները՝ մասնաւորապէս հայ ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակով քաղաքացիական անձերու անյապաղ հայրենադարձման առումով։

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021