ՀԲԸՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) շնորհաւորական մը հրապարակեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի պաշտօնի կոչուելուն կապակցութեամբ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ Վահագն Խաչատուրեանի պաշտօնավարութիւնը կը սկսի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ ազգը կանգնած է բազմաթիւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային բարդ մարտահրաւէրներու առջեւ։ Այդ բոլորին դիմակայելու համար անհրաժեշտ են ամուր առաջնորդութիւն եւ յառաջընթաց արձանագրելու անկոտրուն կամք։

«ՀԲԸՄ երախտագիտութիւն կը յայտնէ իր պաշտօնավարութիւնը աւարտած նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ ճգնաժամային ժամանակաշրջաններու մէջ հայրենիքին մատուցած նուիրեալ ծառայութեան ու առաջնորդութեան համար՝ սկսեալ Թաւշեայ յեղափոխութեան ատեն իշխանափոխութեան սահուն փոխանցման ապահովումէն, մինչեւ համաշխարհային համավարակի ժամանակ ղեկավարելն ու Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին վստահելի խորհրդատու ըլլալը», նշուած է շնորհաւորականին մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, ՀԲԸՄ-ի շնորհաւորականին մէջ յիշեցուած է, որ աշխարհատարած այս կառոյցը ցայսօր սերտ աշխատանքային յարաբերութիւններ հաստատած է նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ՝ երբ ան կը զբաղեցնէր իր նախկին պաշտօնները, որոնք եղած են բարձր փորձագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարար, Երեւանի քաղաքապետ։ ՀԲԸՄ պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու համար աւանդական դարձած շինիչ աշխատանքը՝ զարգացնելու համար Հայաստանը եւ հոգալու համար ժողովուրդի կարիքները։

«Նախագահի գրասենեակի, Ազգային ժողովի, վարչապետի, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ ամբողջ սփիւռքի սերտ համագործակցութեան արդիւնքով միայն հնարաւոր կ՚ըլլայ ծառայել ի շահ մեր ազգի եւ հայ ժողովուրդի», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2022