ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՁԳՏԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ-ՈՒՔՐԱՅՆԱ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ

Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Արման Մելիքեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պիտի փորձէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն իրեն համար առաւելագոյն օգուտները ապահովել Արցախի կտրուածքով։ Արման Մելիքեան, որ ներկայիս Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի կոչումը ունի, հարցազրոյց մը տուաւ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթին։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան կրնայ զանազան սադրանքներու դիմել մէկ կողմէ Արցախի հայութեան կամքը ընկճելու եւ արտագաղթի տրամադրութիւններ հրահրելու նպատակով, իսկ միւս կողմէ Հայաստանի իշխանութիւնները զանազան զիջումներու մղելու առաջադրութեամբ։ Իր դիտարկումներով՝ Եւրոասիոյ տարածաշրջանը վերաձեւելու փուլ մը սկսած է։ Սա Մոսկուայի նախագիծն է՝ երկրորդ Խորհրդային Միութիւն մը ստեղծելու համար։ Այս պայմանական անուանումը իր իրաւական բովանդակութեան եւ ռազմավարական նպատակներուն հետ որեւէ առարկայական կապ պիտի չունենայ։ Այս նախագծի կարեւորագոյն բաղադրատարրերէն մին կը համարուի Ռուսաստանի կատարեալ անջրպետումը Եւրոպայէն։ «Դժուար է այս պահուն ստոյգ կանխատեսել՝ Մոսկուա արդեօք Երեւանէն կոշտ ձեւով կը պահանջէ՞ սահմանազատուիլ Արեւմուտքէն, թէ կը նախընտրէ հայկական «դուռը» թերեւս բաց պահել իր կարիքներուն համար։ Սա մարտավարական հարց է», ըսած է Արման Մելիքեան հարցազրոյցի ժամանակ։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի զօրքերու Հայաստանի տարածքը ներխուժած ըլլալու երեւոյթին եւ Հայաստանի իշխանութիւններու խաղաղութեան դարաշրջան բանալու վերաբերեալ յայտարարութիւններուն՝ ան պատասխանած է հարցումը մը, թէ արդեօք այդ բոլորը համարժէ՞ք են առկայ իրավիճակին։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի համայնապատկերին վրայ արդեօք լարուածութիւնը կ՚աճի՞։ Մելիքեանի կանխատեսումներով, Ատրպէյճան կրնայ զանազան սադրանքներու դիմել։ «Ուքրայնայի պատերազմը Ռուսաստանի համար Արցախի վերաբերեալ մտահոգութիւնները օրինաչափօրէն երկրորդական փլան մղած է։ Քրեմլին դժուար թէ փափաքի առճակատուիլ Պաքուի հետ։ Բազմաթիւ դէպքերու պարագային արդէն մենք պէտք է ելքեր գտնենք Ատրպէյճանի ռազմական սադրանքները կանխելու կամ չէզոքացնելու համար։ Սա պէտք է ընել թէ՛ քաղաքական-դիւանագիտական եւ թէ ռազմական գործիքակազմի կիրառումով», նշած է Մելիքեան։

Պաքուի կողմէ Երեւանին ներկայացուած վեց կէտերուն եւ հայկական կողմի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան մօտ կատարած դիմումին  կապակցութեամբ Արման Մելիքեան կը դիտարկէ հետեւեալը. «Կը կարծեմ, թէ Երեւան այս ձեւով կը ձգտի առանց իրավիճակը աւելի սրելու կանխել Պաքուի ուղիղ ռազմական սպառնալիքներու եւ շանթաժի մթնոլորտին մէջ հակառակորդի հետ բանակցութիւններ վարելու հեռանկարը։ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման նրբութիւններուն լիարժէք կը տիրապետեն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ երեք պետութիւնները, որոնց միջնորդութիւնը տեսականօրէն կրնայ նախադրեալներ ապահովել արդար եւ իրաւահաւասար միջավայր մը ձեւաւորելու համար»։

Նախկին նախարարը մեկնաբանած է նաեւ Անթալիայի մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն երկու օր վերջ Ատրպէյճանի ներկայացուցած առաջարկներուն յայտարարուիլը։ «Որպէս միջանկեալ արդիւնք կրնանք դիտարկել Հայաստանի դիմումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երեք պետութիւններուն՝ որպէսզի Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն միջնորդեն եւ, ըստ էութեան, անկողմնակալ իրաւարարի դերին մէջ մասնակցին։ Տեսնենք՝ ի՞նչ արձագանգ կ՚ըլլայ Հայաստանի այս դիմումին», համոզուած է Մելիքեան։

Ատրպէյճան վերջին շրջանին սկսած է դէպի Արցախ բնական կազի մատակարարումը կաղացնել։ Կազամատակարարման անջատումները, հոգեբանական ճնշումները, հայկական բնակավայրերու գնդակոծումները… Այս բոլորին վրայ կը շրջանառուին լուրեր, ըստ որոնց, Ուքրայնայի հետ պատերազմին բերումով Ռուսասատնի խաղաղարար ուժերը կրնան դուրս գալ Արցախէն։ Թէ ի՞նչ կը մտածէ այս բոլորին շուրջ Արման Մելիքեան։

«Արդէն նշեցի, որ Ատրպէյճան իսկապէս կը փորձէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն իրեն համար առաւելագոյն օգուտը ապահովել Արցախի մէջ։ Այս նպատակով Պաքու կրնայ դիմել ու կը դիմէ զանազան սադրանքներու, որոնց փոխարէն ռուս խաղաղապահներու արձագանգը կրնայ չըլլալ բաւարար չափով արդիւնաւէտ ու կոշտ։ Արցախի կազամատակարարման պատմութիւնը իմ ըսածի վկայութիւնն է։ Այդուհանդերձ, Արցախէն ռուսական խաղաղապահ ուժերու դուրսբերումը քիչ հաւանական կը համարեմ առնուազն մօտակայ մէկ տարուան ընթացքին», նշած է ան։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2022