ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան ժամերուն Ռուսաստան ցնցուեցաւ՝ իր պատմութեան ամեասարսափելի եւ սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական դէպքերէն մէկով։ Այսպէս, Մոսկուայի մերձակայքի «Crocus City Hall» համերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ սարսափելի ահաբեկչական յարձակում մը, որ խլեց աւելի քան 60 զոհ։ Համերգասրահը լեփլեցուն էր եւ այնտեղ ներխուժած ահաբեկիչները արդէն գնդացիրներով կրակեցին մարդոց վրայ։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»)։ Կը հաղորդուի, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այս ծնրակշիռ դէպքին կապակցութեամբ հանդէս գայ ելոյթով մը։

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ երեկոյեան այս ցնցիչ դէպքի լոյսին տակ հեռաձայնով կապ հաստատեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Մինչ Եւրոպական Միութիւնն ալ դատապարտեց Մոսկուայի մէջ պատահած յարձակումը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ անմիջապէս ցաւակցական մը ուղարկեց Վլատիմիր Փութինին։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2024